Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Պուտտա ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած կրտսերներու մրցաշարք մը (10-17 տարեկան):
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ ակումբներէն` աւելի քան 80 մասնակցողներով.
Անթունիէ-Պաապտա, Պուտտա-Ատմա, Պել Հորիզոն-Ատմա, Սանթրալ-Ժունիէ, Շաոլին-Պէյրութ, Շեպիպէ-Շիահ եւ Ժամհուր:
Աւարտին, Պել Հորիզոն հանդիսացաւ առաջին, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Պուտտա եւ Սանթրալ:
Մրցաշարքին իրաւարարներուն կարգին էր Րաֆֆի Սարգիսեան: