Իտալական Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց խումբի գլխաւոր մարզիչի փոփոխութեան մասին:
Պաշտօնանկ եղած Վինչենցօ Մոնթելային պիտի փոխարինէ` Կենարօ Կաթուզոն, որ մինչ այդ ակումբին երիտասարդներու խումբին գլխաւոր մարզիչն էր:
43 տարեկան Մոնթելա 2016-ի ամրան նշանակուեցան մարզիչ:
Այժմ Ա. Սէ. Միլան «Քալչիօ»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 20 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:
Ա. Սէ. Միլան իր դաշտին վրայ կատարած վերջին չորս մրցումներուն կոլ չէ նշանակած` կրկնելով ակումբին հակամրցանիշը: Նախապէս խումբը 1984-ին եւ 2007-ին յաջորդական չորս մրցումի ընթացքին իր դաշտին վրայ կոլ նշանակած չէր:
Կաթուզօ բաւական ծանօթ է խումբին, մանաւանդ որ ան 1999-2012 ժամանակամիջոցին իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է անոր: