Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 3 դեկտեմբերին, «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը պիտի կատարէ 2017-ի մրցանակաբաշխութիւնը:
Ասկէ բացի, թեքուանտոյի ֆետերասիոնը պիտի նշէ իր ընտրութեան առաջին տարեդարձը:
Երեկոյեան ժամը 17:00-ին սկսելիք այս հանդիսութիւնը պիտի տեւէ շուրջ մէկուկէս ժամ, որուն ընթացքին խօսք պիտի առնէ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ:
Մրցանակաբաշխութենէն բացի, ֆետերասիոնը պիտի ներկայացնէ նաեւ 2018 տարեշրջանի իր ծրագիրը եւ իրագործելիք յայտագիրը: