«Սքայ Սփորթց»-ի մարզական փորձառու լրագրող Փոլ Մերսոնի համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի օրերը հաշուըւած են իր ակումբին հետ:
Ան յայտնեց, որ Մխիթարեան, որ այս շաբաթ քննադատութեան ենթարկուեցաւ իր մարզիչին` Ժոզէ Մուրնիոյի կողմէ, շատ հաւանաբար շուտով հեռանայ իր կազմէն:
«Իմ կարծիքովս, երբ տարեշրջանին սկիզբը Փոլ Փոկպան խումբին հետ էր, ան աւելի արդիւնք կու տար, որովհետեւ անոնք շատ լաւ կը համագործակցէին իրարու հետ: Ես մեծ համակրանք ունիմ անոր նկատմամբ, բայց կու գամ ըսելու, որ ան սկսած է նահանջել: Կը կարծեմ, որ ան յառաջիկայ յունուար 2018-ին պիտի լքէ Մանչեսթըր Եունայթըտը», ըսաւ Մերսոն: