Լիբանանի լողարշաւի պատուիրակութիւնը երէկ Եգիպտոսէն վերադարձաւ Պէյրութ` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք կրտսերներու արաբական 13-րդ ախոյեանութեան:
Եգիպտոսի մէջ, լիբանանցի մարզիկները արձանագրելով բաւական լաւ արդիւնքներ, յաջողեցան տիրանալ 25 մետալի (8 ոսկի, 3 արծաթ եւ 14 պրոնզ):
12-13 տարեկան դասակարգին մէջ Լիբանան հանդիսացաւ երկրորդ, 14-15 տարեկանէն վար` երրորդ, 16-18 տարեկանէն վար` երրորդ (աղջիկներ), եւ վերջապէս` 14-15 տարեկանէն վար` երրորդ (տղաք):
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի գանձապահ Մոհամետ Համտան: