Կազմակերպութեամբ «Ատրինալին Ռաշ Փրոտաքշըն»-ի, գործակցութեամբ լիբանանեան բանակին եւ հովանաւորութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի, տեղի ունեցաւ «Ա. Թէ. Վէ.»-ի բաւական հետաքրքրական մրցում մը Պէյթ Շապապի մէջ` մասնակցութեամբ 61 մասնակցողներու:
Նախարարի ներկայացուցիչ Ճօ Ռիաշիէն բացի, մրցումին ներկայ էին նաեւ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր, նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուի (որ մասնակցեցաւ մրցումին), Պէյթ Շապապի քաղաքապետ Էլիաս Աշքար, մեծ թիւով մարզական լրագրողներ եւ հանդիսատեսներ:
Նախարարին ներկայացուցիչը ելոյթ ունենալով բոլոր մասնակցողներուն յաջողութիւն մաղթելէ բացի, շնորհակալութեան յատուկ խօսքը ուղղեց լիբանանեան բանակին, որուն «Ա. Թէ. Վէ.»-ներէն շատերը, որոնք գործածուեցան ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին, ներկայ եղան այս մրցումին: