Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, Նորուիչ-Փրեսթոն 19-րդ հանգրուանի մրցումին տեղի ունեցած է հետաքրքրական միջադէպ մը:
Մրցումին վերջին վայրկեաններուն, կողմի իրաւարարը վիրաւորուած է: Ան փոխարինուած է չորրորդ պաշտօնեայով:
Նկատի ունենալով, որ մարզադաշտին վրայ չէ եղած ֆետերասիոնին ներկայացուցիչը, որ պիտի ըլլար չորրորդ իրաւարարին փոխարինողը, կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը` Թիմ Ռոպինսոն, խումբերը տարած է հանդերձարան` նպատակ ունենալով մրցումը յետաձգել:
Սակայն վրայ հասած է Նորուիչի մէկ համակիրը, որ հագնելով իրաւարարին շապիկը, կատարած է չորրորդ իրաւարարին պարտականութիւնները, յայտնեց «թելեկրաֆ.քօ.եու-քէյ» կայքը:
Այդ մրցումը աւարտած է 1-1 արդիւնքով, 90 վայրկեաններուն վրայ աւելնալէ ետք 10 վայրկեան: