Մարզական

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար`  600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար` 600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը

Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է 600 միլիոն դրամ յատկացնել «Հրազդան» մարզադաշտի վազքուղիի եւ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու վերակառուցման համար: Մարզադաշտը կը պատրաստուի հիւրընկալելու Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ 23 յուլիսէն 1 օգոստոս 2027-ին: Աշխատանքներու պայմանագիրը հրատապ ընթացքով կը կնքուի «Ճի. Թի. Էս. Քոնսթրաքշըն» ընկերութեան հետ: Սակայն վազքուղիի ռետինէ ծածկուած բաժինը եւ հիմքի նախապատրաստութիւնը հաստատուած գումարին մէջ ներառուած չեն:...

Պասքեթպոլ.  Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի

Պասքեթպոլ. Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի

Հայաստանի հաւաքականի պասքեթպոլիստ Եուրա Մելիքեան միացաւ Պուլկարիոյ «Պոթեւ 2012» ակումբին: 2026-2027 տարեշրջանին Վրացա քաղաքի խումբը հանդէս կու գայ Պուլկարիոյ պասքեթպոլի ազգային լիկային, իսկ իր դաշտին վրայի հանդիպումները պիտի կատարէ Պոթեւկրատի մէջ: 20 տարեկան պասքեթպոլիստը արդէն մասնակցեցաւ իր նոր ակումբին բարեկամական մրցումին` Լեւսքիի դէմ: Մելիքեան տապըլ-տապըլ իրագործեց 12 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգելով, սակայն Պոթեւ 94-106 արդիւնքով պարտուեցաւ: Մելիքեան իր...

Ճատրակ.  Հայաստանի Հաւաքականները Յաջողութեամբ Կը Շարունակեն Իրենց Ելոյթները

Ճատրակ. Հայաստանի Հաւաքականները Յաջողութեամբ Կը Շարունակեն Իրենց Ելոյթները

Ճատրակի 46-րդ Օլիմփիատայի մրցումները կը շարունակուին Ուզպեքիստանի Սամարշանտ քաղաքին մէջ: 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն պարտադրեց Նետերլանտներու հաւաքականին: Շանթ Սարգսեան սեւ խաղաքարերով կրցաւ յաղթել իրմէ աւելի լաւ դասուած Լիւք Վան Վէլիին: Հայկ Մարտիրոսեան հաւասարութիւն արձանագրեց Անիշ Կիրիի հետ, մինչ Մանուէլ Պետրոսեան հաւասարութիւն արձանագրեց Էրուին Լամի հետ: Ռոպերթ Յովհաննիսեան պարտութիւն կրեց Եորտըն Վան Ֆորեսթէն: Պէտք է ըսել, որ...

«Եու. Էֆ. Սի.»  Ծառուկեան. «Յաջորդ Մենամարտը  Տիտղոսին Համար Է»

«Եու. Էֆ. Սի.» Ծառուկեան. «Յաջորդ Մենամարտը Տիտղոսին Համար Է»

«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի Բ. դասուած, Հայաստանը ներկայացնող Արման Ծառուկեան յայտարարեց, որ կը ծրագրէ 2027-ի սկիզբը մենամարտիլ իր կշիռի կարգի գործող ախոյեան ամերիկացի Ճասթըն Կէյճիի դէմ: «Ղեկավարութիւնը («Եու. Էֆ. Սի.»-ի) գոհ էր իմ ելոյթէս, եւ ըսաւ, որ մենք կը խօսինք յաջորդ շաբաթ: Յետոյ ես հարցուցի, թէ արդեօք տիտղոսին համար մենամարտ կ՛ունենա՞մ: Անոնց պատասխանը դրական էր: Իմ յաջորդ մենամարտս պէտք...

Ազգերու Լիկա. Նետերլանտներ Եւ Գերմանիա Հաւասարեցան. Հաալանտ 2 Կոլեր Նշանակեց

Ազգերու Լիկա. Նետերլանտներ Եւ Գերմանիա Հաւասարեցան. Հաալանտ 2 Կոլեր Նշանակեց

Հինգշաբթի գիշեր սկսան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած Ազգերու լիկայի 2026-2027 տարեշրջանի մրցումները: Բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Ամսթերտամ, ուր Նետերլանտներ կը հիւրընկալէր Գերմանիան, «Եոհան Քրոյֆ»-ի անուան մարզադաշտին վրայ: Երկու հաւաքականներն ալ նոր մարզիչներով «օժտուած» էին, ուր սպանացի պատմական միջնապահ Չաւի Հեռնանտես կը գլխաւորէր Նետերլանտները, իսկ Եուրկեն Քլոփ` Գերմանիան: Մրցումը բաւական յարձակողական եղաւ երկու խումբերէն. Գերմանիա առաջին կիսախաղին աւելի վտանգաւոր էր,...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութ վճռական մրցում մը ունի կատարելիք Գ. դասակարգ բարձրանալու առումով, ուր պիտի մրցի Շապապ Սաքաֆի Հերիի դէմ: Վերջին անգամ 2021-ին էր, որ ՀՄԸՄ Պէյրութ մաս կը կազմէր Գ. դասակարգին, բայց նոյն տարեշրջանի աւարտին ինկած էր Դ. դասակարգ: Տարիներէ ի վեր կատարուած ձախող փորձերէ ետք, այս տարի տղաքը լրջօրէն կը պայքարին բարձրանալու Գ....

Ազգերու Լիկա.  Այսօր` Հայաստան – Լաթվիա

Ազգերու Լիկա. Այսօր` Հայաստան – Լաթվիա

Այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, Հայաստանի հաւաքականը Ազգերու լիկայի 2026-2027 տարեշրջանի իր առաջին մրցումին պիտի հիւրընկալէ Լաթվիան: ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր դասաւորման մէջ Հայաստան այժմ 107-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ մրցակից Լաթվիա 137-րդ դիրքին վրայ է: Հայաստան մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի, մանաւանդ որ 8 մարզիկներ վիրաւորուած են, բան մը, որ պիտի դժուարացնէ մարզիչ Եղիշէ Մելիքեանի գործը: «Ժողովուրդ» ալիքը հրապարակած էր Մելիքեանի...

Ըմբշամարտ.  Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկի Մետալ Նուաճեց… Արժանթինի Հետ

Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկի Մետալ Նուաճեց… Արժանթինի Հետ

Արժանթինի Ռոզարիօ քաղաքին մէջ ընթացող «Սանթա Ֆէ-2026» Հարաւային Ամերիկայի խաղերուն, Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարքը առանձնացաւ պատմական իրադարձութեամբ: 39 տարեկան յայտնի հայ ըմբիշ Արսէն Ջուլֆալակեան, որ աշխարհի ախոյեան եւ Ողիմպիական խաղերու Լոնտոնի արծաթ մետալը շահած է, ներկայացուցած է Արժանթինը եւ շահած 77 քկ կշիռի տիտղոսը: Աւարտականին Ջուլֆալակեան 4-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ տարած է քոլոմպիացի Խայիր Քուէրոյի նկատմամբ` վրէժի մրցում կատարելով խմբային...

Բռնցքամարտ.  Հայաստան 2 Պրոնզէ Մետալներով  Աւարտիեց Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

Բռնցքամարտ. Հայաստան 2 Պրոնզէ Մետալներով Աւարտիեց Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

Եւրոպայի բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը այսօր կ՛աւարտի: Սոֆիայի (Պուլկարիա) մէջ տեղի ունեցած մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը արդէն իսկ աւարտած է իր ելոյթները: Քառորդ աւարտականին հասած 4 մարզիկներէն երկուքը կրցան պրոնզէ մետալներ շահիլ: Էլիդա Քոչարեան մինչեւ 65 քկ կշիռի կիսաւարտականին 5-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր ռուս Ազալիա Ամինեւայէն: Ռուտոլֆ Գարբոյեան մինչեւ 50 քկ կշիռի մրցումներուն իր կարգին 5-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց ռուս Պայիր Պաթլայեւէն:...

Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Յաղթեց Ուեզլի Սոյին  Եւ Հայաստան Հաւասարեցաւ Միացեալ Նահանգներու Հետ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Յաղթեց Ազրպէյճանին

Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Յաղթեց Ուեզլի Սոյին Եւ Հայաստան Հաւասարեցաւ Միացեալ Նահանգներու Հետ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Յաղթեց Ազրպէյճանին

Ճատրակի 46-րդ Օլիմփիատայի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն խլեց Միացեալ Նահանգներէն: Վճռորոշ եղաւ Ռոպերթ Յովհաննիսեանի յաղթանակը սեւ խաղաքարերով` աշխարհի թիւ 5 մարզիկ Ուեզլի Սոյի դէմ: Հանդիպումը Հայաստանի հաւաքականին համար բաւական դժուար եղաւ: Հայկ Մարտիրոսեան եւ Շանթ Սարգսեան իրենց մրցումները հաւասարութեամբ աւարտեցին յաջորդաբար Ֆապիանօ Քարուանայի (թիւ 3) եւ Հանս Նիմանի (թիւ 21) դէմ: Գաբրիէլ Սարգսեան պարտութիւն կրեց Էվոնտեր...

Ազգային Խումբին Հետ Մեսսիի «Վերջին Հանդիպումը…»

Ազգային Խումբին Հետ Մեսսիի «Վերջին Հանդիպումը…»

Ամերիկեան Ինթեր Մայեմիի 39 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի ընկերային ցանցերու իր էջերուն վրայ անդրադարձած է Արժանթինի ազգային խումբին հետ իր միջազգային ասպարէզի աւարտին` գրելով. «Վերջին հանդիպումը. մարզաշապիկ` ամբողջ կեանքի համար»: Մեսսի ազգային խումբին հետ իր հրաժեշտի հանդիպումը պիտի կատարէ 6 հոկտեմբերին: Պուէնոս Այրէսի մէջ Արժանթին պիտի մրցի Պենինի դէմ: «Ալպիսելեսթէ»-ի շապիկով Լիոնել Մեսսի 207 մրցումներ կատարած է` նշանակելով 125 կոլ...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի

Վաղը վերջ կը գտնէ 2025-2026 տարեշրջանի Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, որմէ ետք յստակ պիտի ըլլան Գ. դասակարգ բարձրացող 4 խումբերը: Երկու խմբակներու բաժնուած 12 խումբերէն 4 խումբեր իրաւունք պիտի ունենան մասնակցելու 2026-2027 տարեշրջանի Գ. դասակարգին: ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, կը գրաւէ առաջին դիրքը` յաղթելէ ետք իր առաջին 3 մրցումներուն: Անցեալ կիրակի իր 4-րդ մրցումին ՀՄԸՄ Պէյրութ լաւ...

ՀԲԸՄ Լիբանանի Ընտանիքը  Ձեռնարկեց.  Համաշխարհային Վազք` Յանուն  «Նայիրի Ճամբար»-ին

ՀԲԸՄ Լիբանանի Ընտանիքը Ձեռնարկեց. Համաշխարհային Վազք` Յանուն «Նայիրի Ճամբար»-ին

Անցեալ կիրակի, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի ընտանիքը անսաց միութեան համաշխարհային կոչին եւ իր բաժին ներդրումը ունեցաւ Հայաստանի մէջ արցախցի երեխաներուն անվճար ժամանց տրամադրող «Նայիրի ճամբար»-ին աջակցելու գործին մէջ: Հայաստանի եւ սփիւռքահայ համայնքներու նման լիբանանահայերը եւս իրենց նպաստը բերին` մասնակցելով «Համաշխարհային վազք` յանուն Նայիրի ճամբարին» խորագրեալ զուարճալի ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Մարինա Տըպպայէի մէջ: Շուրջ 250 մասնակիցներ...

«Եու. Էֆ. Սի.»  Ծառուկեան Եւ Ռուֆի Պէտք Է Դադար Առնեն

«Եու. Էֆ. Սի.» Ծառուկեան Եւ Ռուֆի Պէտք Է Դադար Առնեն

Կիրակի առաւօտեան բուռն պայքարէ ետք, «Եու. Էֆ. Սի. 331» երեկոյեան կարեւորագոյն մրցումներէն մէկուն, հայ մարտիկ Արման Ծառուկեան նաք-աութի ենթարկած էր պրազիլցի Մաուրիսիօ Ռուֆին եւ դարձած ախոյեանութեան թիւ 1 թեկնածու: Այս մենամարտէն երկու օր ետք բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք, երկու մարտիկներուն արգիլուեցաւ որեւէ մարտական մրցումի մասնակցիլ մօտ 60 օր: Միայն 45 օր ետք անոնք կրնան բժշկական հաստատումէ ետք մասնակցիլ մենամարտի մը,...

Բռնցքամարտ.  Էլիշա Քոչարեան Հասաւ Կիսաւարտական

Բռնցքամարտ. Էլիշա Քոչարեան Հասաւ Կիսաւարտական

Մինչեւ 65 քկ կշիռի կարգին մէջ, հայ բռնցքամարտիկ Էլիդա Քոչարեան Հայաստանի հաւաքականին ապահովեց առաջին մետալը, Սոֆիայի (Պուլկարիա) մէջ տեղի ունեցող 2026-ի Եւրոպայի բռնցքամարտի ախոյեանութեան: Քառորդ աւարտականին Քոչարեան նաք-աութի ենթարկեց իր ռումանացի մրցակից Անտրա Նիքոլեթան` երկրորդ ռաունտին: Այս յաղթանակը եղաւ Էլիդայի երրորդ յաջորդական յաղթանակը` նախապէս յաղթելէ ետք Սպանիոյ եւ Ալպանիոյ իր մրցակիցներուն: Էլիդա այսօր կը մրցի ռուս Ազալիա Ամինեւայի դէմ: Նշենք,...

Ռոման Աւագեան-Կոմես Հրաւիրուեցաւ…  Միացեալ Նահանգներու Հաւաքական

Ռոման Աւագեան-Կոմես Հրաւիրուեցաւ… Միացեալ Նահանգներու Հաւաքական

Հայ ֆութպոլիստ Ռոման Աւագեան-Կոմես հրաւիրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու պատանիներու (17 տարեկանէն վար) ազգային խումբ, միջազգային հաւաքին մասնակցելու համար Սպանիոյ մէջ: Ամերիկեան հաւաքականը Մուրսիայի մէջ կը մասնակցի մրցաշարքի մը, որուն ընթացքին 4 բարեկամական մրցումներ պիտի ունենայ Նետերլանտներու, Ֆրանսայի, Սկովտիոյ եւ Պելճիքայի հաւաքականներուն դէմ: Աւագեանի հրաւէրին մասին հաստատած է նախ անոր գերմանական Մայնց ակումբը: Այսպիսով, 16 տարեկան Ռոմանի արտասովոր ճանապարհը կը շարունակուի միջազգային...

Թենիս.  Ալինա Չարայեւա Յաղթեց Սոֆիա Քենինին

Թենիս. Ալինա Չարայեւա Յաղթեց Սոֆիա Քենինին

Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալինա Չարայեւա յաջողութեամբ սկսաւ Սէուլի «Քորէա Օփըն» թենիսի աղջկանց մրցաշարքը: Առաջին հանգրուանին, Չարայեւա, որ 121-րդ թենիսվումընն է, պարտութեան մատնեց թիւ 106 դասուած Սոֆիա Քենինը: Չարայեւա առաջին սեթին պարտուեցաւ 6-3 արդիւնքով, բայց կրցաւ թայ-պրէյքով յաղթել երկրորդ սեթին 7-6 (7-4) եւ որոշիչ սեթին 6-4 արդիւնքով յաղթելով հասնիլ Բ. հանգրուան: Քենին 2020-ին ընտրուած էր տարուան լաւագոյն թենիսվումըն` 21 տարեկանին յաղթելէ ետք...

Մուրինիօ Վերադարձած Է  Իր Քննադատութիւններուն

Մուրինիօ Վերադարձած Է Իր Քննադատութիւններուն

Անցեալ շաբաթավերջին պարտուելէ ետք Մատրիտ քաղաքի տերպիի մրցումին, Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ անգամ մը եւս վերադարձած է իր «հին սովորութիւններուն»` քննադատելով իրաւարարը: Ըստ իրեն, մրցակիցներ Քրիսթիան Ռոմերօ եւ Լի Քանկ-Ին պէտք էր կարմիր քարտեր ստանային, վիրաւորելէ ետք Ռէալ Մատրիտի մարզիկներ: Պէտք է նշել, որ Ռէալ Մատրիտի խմբապետ ուրուկուէյցի Ֆետերիքօ Վալվերտէ իրապէս վիրաւորուած էր Լիի կարծր ֆաուլէն ետք, բայց...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա, Մանչեսթըր Սիթի Եւ Տորթմունտ  Ամբողջական Կէտեր Հաւաքած Են. Իտալիա` Բուռն Պայքար

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա, Մանչեսթըր Սիթի Եւ Տորթմունտ Ամբողջական Կէտեր Հաւաքած Են. Իտալիա` Բուռն Պայքար

Այս տարեշրջանի ՖԻՖԱ-ի առաջին դադարէն առաջ, Եւրոպայի 5 գլխաւոր լիկաներուն մէջ որոշ չափով պայքարող խումբերը կը յստականան: Սպանիոյ մէջ 7 հանգրուաններ կատարուած են, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ` 5 հանգրուաններ, մինչ Գերմանիոյ մէջ 4 հանգրուաններ խաղցուած են դադարէն առաջ: Անգլիոյ մէջ, Մանչեսթըր Սիթի իր 5 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած է, մինչ անցեալ տարուան ախոյեան Արսենալ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականի ալ...

Հայաստանի Վերանկախացման Տօնին Առիթով`  Արման Մինասեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց

Հայաստանի Վերանկախացման Տօնին Առիթով` Արման Մինասեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց

Հայ աթլեթ մարզիչ Արման Մինասեան համաշխարհային նոր մրցանիշ մը հաստատեց 30 երկվայրկեանի ընթացքին 57 փուշ-ափ կատարելով, մէկ ոտքի վստահելով եւ կռնակը 18 քկ պայուսակ մը ունենալով: Ան իր այս մրցանիշը նուիրեց Հայաստանի վերանկախացման բարելաւելէ ետք եգիպտացի աթլեթի մը նախկին մրցանիշը: Մինասեան արհեստավարժ մարզիչ մըն է, որ նախապէս այլ մրցանիշներ ալ հաստատած է բռունցքով փուշ-ափի եւ երկու մատներով փուլ-ափի:    ...

Page 9 of 1274 1 … 8 9 10 … 1,274

Արխիւներ