Մարզական

Ճատրակ.  Հայաստանի Տղաքը Հաւասարեցան  Չինաստանի Հետ Եւ Յաղթեցին Իրանի

Ճատրակ. Հայաստանի Տղաքը Հաւասարեցան Չինաստանի Հետ Եւ Յաղթեցին Իրանի

Ճատրակի 46-րդ Օլիմփիատան կը շարունակուի Սամարզանտի մէջ, ուր տեղի ունեցան 5-րդ եւ 6-րդ հանգրուանի մրցումները: Հայաստանի տղաքը դժուար մրցակից մը ունէին ի դէմս Չինաստանի, բայց Հայկ Մարտիրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Շանթ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան կրցան հաւասարութիւններ խլել աւելի բարձր դասուած Չինաստանի ներկայացուցիչներուն հետ: Օր մը ետք, Հայաստան մրցեցաւ Իրանի դէմ եւ կրցաւ յաղթանակ ապահովել` շնորհիւ Գաբրիէլ Սարգսեանի: Հայկ Մարտիրոսեան, Ռոպերթ...

Արգիշտ Պետրոսեան Հրաւիրուեցաւ  Հայաստանի Ազգային Խումբ

Արգիշտ Պետրոսեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ազգային Խումբ

ՀՄԸՄ Պէյրութի նախկին յետսապահ եւ այժմու Երեւանի բանակայիններու խմբապետ Արգիշտ Պետրոսեան հրաւիրուեցաւ Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած Հայաստանի ազգային խումբ: Նախապէս նկատի առնուած Ստիոփա Մկրտչեան, որ այժմ կը խաղայ Գերմանիոյ Նիւրեմպերկ ակումբին հետ, նախապէս վիրաւորուած ոտքէն ցաւեր զգալով չկրցաւ միանալ ազգային խումբին, բան մը, որ ստիպեց Արգիշտի վերադարձը: Նշենք, որ նախապէս Էտկար Գրիգորեան վիրաւորուած էր եւ փոխարինուած Խարիտոն Այվազեանով: Արդէն իսկ շարք...

105 Հազար Համակիր Եւ Մեսսիի  Հրաժեշտի Մրցումը

105 Հազար Համակիր Եւ Մեսսիի Հրաժեշտի Մրցումը

Պարսելոնայի նախագահ Ժոան Լափորթա ակումբի գլխաւոր վեհաժողովի ընթացքին խօսած է քաթալաններու ակումբի նախկին յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հրաժեշտի մրցումին կազմակերպման մասին: «Մենք արդէն իսկ նշած ենք, որ երբ մարզադաշտը վերջնականապէս պատրաստ ըլլայ, անոր պատուոյն յատուկ արարողութիւն պիտի կազմակերպենք: Կար տարբերակ մը, որ ան տարեշրջան մը եւս խաղար մեր ակումբին հետ, բայց արժանթինցին այլ որոշում տուաւ: Մենք մեծ ուրախութեամբ կը կազմակերպենք մեծարանքի...

Ազգերու Լիկա.  Վաղը` Նետերլանտներ – Գերմանիա

Ազգերու Լիկա. Վաղը` Նետերլանտներ – Գերմանիա

Վաղը կը սկսի Եւրոպայի Ազգերու լիկայի 2026-2027 տարեշրջանի մրցաշարքը: Առաջին կարգի Բ. խմբակին մէջ, Նետերլանտներ - Գերմանիա մրցումը կը խոստանայ հետաքրքրական ըլլալ: Երկու խումբերն ալ նոր մարզիչներ ունին: Պատմական մարզիչ Եուրկեն Քլոփ տարիներով յաջողութիւններ նուաճելէ ետք Տորթմունտի եւ Լիվըրփուլի հետ ստանձնեց Գերմանիոյ ազգային խումբը: Նետերլանտներու մարզիչ նշանակուեցաւ սպանացի պատմական միջնապահ Չաւի Հեռնանտես, որ պիտի փորձէ նոր խաղաձեւ որդեգրելով նոր էջ...

Ըմբշամարտ.  Արսէն Յարութիւնեան ՌԱՖ-ի Ախոյեան.  Ան Յաղթանակը Նուիրեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան ՌԱՖ-ի Ախոյեան. Ան Յաղթանակը Նուիրեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Չորս անգամ Եւրոպայի ախոյեան եւ աշխարհի ախոյեանութեան 4 անգամ պրոնզէ մետալակիր Արսէն Յարութիւնեան նուաճեց «Ռիլ Ամերիքըն Ֆրիսթայլ» (ՌԱՖ) լիկայի թեթեւագոյն կշիռի ախոյեանութեան գօտին: Մայեմիի մէջ տեղի ունեցած «ՌԱՖ 13» մրցաշարքի գլխաւոր տիտղոսի մենամարտին, 26 տարեկան հայ ըմբիշը պարտութեան մատնեց ամերիկացի Օսթըն Տէ Սանթոն: Առաջին ռաունտին 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Արսէն Յարութիւնեան կորսնցուց իր առաւելութիւնը, բայց 3-րդ եւ վճռական ռաունտին ան...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ, Բայց Մնաց Առաջին

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ, Բայց Մնաց Առաջին

ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը երէկ, Սելաաթայի դաշտին վրայ բաւական դժուար մրցումէ մը ետք 4-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեցին հիւսիսային Լիբանանի ախոյեան Արապի Աքքար Ռիատիի դէմ: Կրնանք ըսել, որ մրցումը գրեթէ եղաւ ի նպաստ մրցակից խումբին, որ առաջին անգամ ըլլալով կը խաղար իր ամբողջական կազմով այս աւարտական հանգրուանին` նկատի ունենալով, որ խումբէն մարզիկներ շաբթուան մէջ կարողութիւն չէին կրնար ունենալ մասնակցելու: ՀՄԸՄ-ի բերդապահը լաւ...

20 Տարեկանէն Վար Մրցումներ.  ՀՄԸՄ Հաւասարեցաւ Ռասինկի Հետ` 4-4 Արդիւնքով

20 Տարեկանէն Վար Մրցումներ. ՀՄԸՄ Հաւասարեցաւ Ռասինկի Հետ` 4-4 Արդիւնքով

Լիբանանի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան զտումի իր վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը բաւական բացակայ մարզիկներով չկրցան յաղթել Ռասինկին: Մրցումը առաւօտեան ժամը 10:00-ին էր, եւ որովհետեւ Կի Խանճեան, Յակոբ Ապտալեան եւ Օմար Հոսարի քանի մը ժամ ետք Գ. դասակարգ բարձրանալու աւելի կարեւոր մրցում ունէին, չմասնակցեցան այս մրցումին: Բայց պէտք է ըսել, որ տղաքը բաւական լաւ էին եւ նոյնիսկ 4-2 արդիւնքով ետ...

Վարդգէս Վարագ Հաշէօլեան` Պրազիլական Ճիու Ճիթսու Մարզաձեւի Լիբանանի Ախոյեան

Վարդգէս Վարագ Հաշէօլեան` Պրազիլական Ճիու Ճիթսու Մարզաձեւի Լիբանանի Ախոյեան

Անցեալ շաբաթավերջին, Մոն Լա Սալի մէջ տեղի ունեցաւ խառն մարտական մարզաձեւերու («Էմ. Էմ. Էյ.») պրազիլական Ճիու Ճիթսու մարզաձեւի Լիբանանի ախոյեանութիւնը: Ծանր կշիռի մրցումներուն, Լիբանանի ախոյեան դարձաւ Վարդգէս Հաշէօլեան, աւարտականին յաղթելէ ետք անցեալ տարուան ախոյեանին: Ըմբշամարտի կրեփլինկի մարզիկ «Վագօ» Հաշէօլեան, որ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը եւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանը աւարտած է, 24 տարեկան է եւ աւելի քան 3 տարիներէ...

Ճատրակ.  Տղոց Հաւաքականը Իր 4-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց, Աղջիկները Պարտութիւն  Կրեցին Ղազախստանէն

Ճատրակ. Տղոց Հաւաքականը Իր 4-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց, Աղջիկները Պարտութիւն Կրեցին Ղազախստանէն

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականները կը շարունակեն իրենց ելոյթները Սամարղանտի մէջ տեղի ունեցող 46-րդ ճատրակի Օլիմփիատային: Առաջին երկու հանգրուաններուն յաղթելէ ետք, զոյգ հաւաքականները երրորդ հանգրուանին ալ կրցան յաղթել իրենց մրցակիցներուն: Տղաքը 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեցին Շուէտին: Վճռորոշ դարձաւ Գաբրիէլ Սարգսեանի յաղթանակը` Էրիք Պլոմքվիսթի դէմ, մինչ Հայկ Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան հաւասարութեամբ աւարտած էին իրենց մրցումները: Աղջկանց երրորդ մրցակիցն էր Խրուաթիան: Լիլիթ...

Եու. Էֆ. Սի.  Արման Ծառուկեան Նաք-Աութի  Ենթարկեց Ռուֆին

Եու. Էֆ. Սի. Արման Ծառուկեան Նաք-Աութի Ենթարկեց Ռուֆին

Երէկ առաւօտեան ժամերուն հայազգի մարտիկ Արման Ծառուկեան (24-3) տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էֆ. Սի. 331» մրցաշարքի կարեւորագոյն մենամարտերէն մէկուն: Թեթեւ կշիռքի լաւագոյն մարզիկներէն նկատուած Ծառուկեան, առաջին ռաունտի աւարտէն 4 երկվայրկեան առաջ, նաք-աութի ենթարկեց պրազիլցի Մաուրիսիօ Ռուֆին, որ իր կարգին «Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռքի դժուարագոյն մրցակիցներէն մէկն էր: Առաջին ռաունտը աւարտելու վրայ էր, երբ Արման...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար

Վաղը յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Սելաաթայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութ աւարտական հանգրուանի իր 4-րդ մրցումը պիտի կատարէ հիւսիսի ախոյեան Արապի Աքքարի դէմ: ՀՄԸՄ, որ իր նախկին 3 մրցումներուն ալ յաղթանակներ արձանագրած էր Սաֆա Շուէյֆաթի (2-0), Ղատիր Հարիսի (3-0) եւ Նասր Քամետ Լոզի դէմ (7-1), պիտի փորձէ իր առաւելագոյնը կատարել եւ 3 կէտերով վերադառնալ Պէյրութ: Յաղթանակ մը խումբը կրնայ բարձրացնել Գ. դասակարգ,...

Լիբանանի Երիտասարդներու  Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ

Լիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ

Վաղը առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Շանվիլի դաշտին վրայ, Տիք Էլ Մըհտէ, ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները (20 տարեկանէն վար) շատ կարեւոր մրցում մը ունին Ռասինկի դէմ: Զտումի այս վերջին մրցումին, եթէ ՀՄԸՄ-ի տղաքը յաղթեն, պիտի մասնակցին Լիբանանի երիտասարդներու ախոյեանութեան: Առաջին մրցումին բաւական անբախտ ըլլալէ ետք Նըժմեթ Սահրայի դէմ, ՀՄԸՄ իր երկրորդ մրցումին կրցած էր 9-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնել Տահր Էլ Ահմարը: Համակիրներէն կը...

Ճատրակ.  Հայաստանի Հաւաքականները  Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին

Ճատրակ. Հայաստանի Հաւաքականները Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին

Ուզպեքիստանի Սամարզանտ քաղաքին մէջ կը շարունակուի համաշխարհային ճատրակի 46-րդ Օլիմփիատան: Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները իրենց երկրորդ մրցումներուն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին: Տղաքը 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Սկովտիան: Յաղթանակներ արձանագրեցին Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան: Հայկ Մարտիրոսեան հաւասարութեամբ աւարտեց իր մրցումը: Աղջկանց հաւաքականը 3-1 արդիւնքով յաղթեց Սինկափուրին: Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան յաղթեցին իրենց մրցակիցներուն, մինչ Անահիտ...

Թենիս.  Չարայեւա Յաղթեց Պատմական «Զուտ Հայկական Տերպի»-ն

Թենիս. Չարայեւա Յաղթեց Պատմական «Զուտ Հայկական Տերպի»-ն

Աղջկանց արհեստավարժ թենիսի միջազգային մրցաշարքերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով թիւ 8 դասուած Ալինա Չարայեւա պարտութեան մատնեց Էլինա Աւանէսեանը 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով, Սան Փաուլոյի բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանին: Ասիկա Չարայեւայի երկրորդ յաղթանակն էր արհեստավարժ մրցումի մը ընթացքին` Աւանէսեանի դէմ, մինչ պատանեկան օրերուն ալ անոնք 2 անգամ մրցած էին, եւ Ալինա 2-0 արդիւնքով առաւելութիւն ունի Էլինայի վրայ: Այս ձեւով Ալինա...

«Եու. Էֆ. Սի. 331».  Արման Ծառուկեան Նոր «Շորթ»-ով Պիտի Մրցի Ռուֆիին Դէմ

«Եու. Էֆ. Սի. 331». Արման Ծառուկեան Նոր «Շորթ»-ով Պիտի Մրցի Ռուֆիին Դէմ

«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի հայազգի մարտիկ Արման Ծառուկեան ներկայացուց իր մարտական շորթը (կարճ տաբատը), որուն հետ ան այս գիշեր պիտի մրցի պրազիլցի Մաուրիսիօ Ռուֆիի դէմ, «Եու. Էֆ. Սի. 331»-ի գծով ճակատումին: «Շատ գեղեցիկ շորթեր են: Անոնք սեւ գոյնի են... արջը` իբրեւ Ռուսիոյ խորհրդանիշ, եւ այստեղ հայկական լեռներն են, Հայաստանի դրօշը եւ Պեթմենի տարբերանշանը... հիանալի, բացառիկ աշխատանք է: Շնորհակալութիւն «Եու....

Ազգերու Լիկայի Իր Մրցումներուն Համար.  Մելիքեան 29 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրեց  Հայաստանի Ազգային Խումբ

Ազգերու Լիկայի Իր Մրցումներուն Համար. Մելիքեան 29 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրեց Հայաստանի Ազգային Խումբ

Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան հրապարակեց 29 ֆութպոլիսներու անուններ, որոնք հրաւիրուեցան Ազգերու լիկայի 2026-2027 տարեշրջանի յառաջիկայ հանդիպումներուն: Հայաստանի հաւաքականը հանդէս կու գայ Գ.2 խմբակին մէջ, ուր մրցակիցներ պիտի ունենայ Լաթվիան, Մոնթենեկրոն եւ Կիպրոսը: Կազմի գլխաւոր փոփոխութիւններէն մէկը 20 տարեկան յառաջապահ Արթուր Գարիբեանի առաջին հրաւէրն է ազգային խումբ: Աւելի կանուխ, յառաջապահը հանդէս եկած էր Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականներէն, իսկ այս...

Մեսսիի 100-րդ Կոլը Եւ 49-րդ Տիտղոսը

Մեսսիի 100-րդ Կոլը Եւ 49-րդ Տիտղոսը

Ամերիկեան Ինթեր Մայեմին իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նուաճեց «Քամփիոնես Քափ»-ը (ախոյեաններու բաժակը): Աւարտական մրցումին, Ինթեր Մայեմի իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մեքսիքական Քրուս Ասուլը: 24-րդ վայրկեանին, մրցումին հաշիւը բացաւ արժանթինցի աստղ Լէոնել Մեսսի, Լուիս Սուարեսի փոխանցումէն ետք: 81-րդ վայրկեանին վերջնական արդիւնքը եւ յաղթանակը վաւերացուց պրազիլցի միջնապահ Քասեմերոն, Մեսսիի փոխանցումէն ետք: Մեսսիի կոլը եղաւ 39 տարեկան յառաջապահին...

Սեդա Պայրամեան` Մուայ Թայ Մարզաձեւի Լիբանանի Ախոյեան

Սեդա Պայրամեան` Մուայ Թայ Մարզաձեւի Լիբանանի Ախոյեան

Երկու շաբաթներու վրայ տեղի ունեցան խառն մարտարուեստի խաղերէն Թայլանտի Մուայ թայ մարզաձեւի Լիբանանի ախոյեանութիւնը` Մարզական աւանի պասքեթպոլի դաշտին վրայ: Հայկական «Ֆայթ լայֆ» ակումբէն Սեդա Պայրամեան 16 տարեկանէն վար մինչեւ 42 քկ կշիռի մրցումներու ախոյեան դարձաւ: Սեդա Պայրամեան, որ 14 տարեկան է, աւարտականին պարտութեան մատնեց Թրիփոլիի ակումբներէն «Հիլալ Ճիմ»-ի մարզիկ Հոտա Խասսուքը: Առաջին ռաունտին առաւելութիւն ունենալէ ետք, Սեդա Պայրամեան կորսնցուց 2-րդ...

Փորձ-Մրցումի Մը.  Հայաստանի Պատանիներ – Լիբանանի  Պատանիներ` 1-2

Փորձ-Մրցումի Մը. Հայաստանի Պատանիներ – Լիբանանի Պատանիներ` 1-2

Հայաստանի պատանիներու (17 տարեկանէն վար) հաւաքականը Երեւանի մէջ կատարած իր ուսումնամարզական հաւաքին ծիրին մէջ բարեկամական փորձ-մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Լիբանանի պատանիներու հաւաքականին դէմ: Մրցումը վերջ գտաւ Լիբանանի յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: Հայաստանի հաւաքականի միակ կոլը նշանակեց Ուրարտուի միջնապահ Սամուէլ Բեգլարեան: Լիբանանի կոլերը նշանակեցին Ժաուատ Մըսըլմանի եւ Ռամեզ Մըշաուրապ: Լիբանանի պատանիներու ազգային խումբը կը պատրաստուի Յորդանանի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ 13-րդ...

«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Տպաւորեց, Բայց Պարտուեցաւ

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Տպաւորեց, Բայց Պարտուեցաւ

Դառնալէ ետք առաջին հայկական ակումբը, որ կը մասնակցի եւրոպական երեք բաժակներու աւարտական մրցաշարքին, Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա իր առաջին մրցումը կատարեց Երեւանի մէջ եւ 4-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Չեխիոյ Սփարթա Փրակայէն: Արդիւնքը ծանր էր, բայց խաղի ընթացքը բաւական տպաւորիչ էր, եւ մրցումէն ետք նոյնիսկ Սփարթայի մարզիչը ընդունեց, թէ որքա՛ն դժուար էր Երեւանի մէջ խաղալը: Կրնայ ըլլալ, որ խմբային լաւ մրցում...

Page 10 of 1274 1 … 9 10 11 … 1,274

Արխիւներ