Եւրոպայի բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը այսօր կ՛աւարտի: Սոֆիայի (Պուլկարիա) մէջ տեղի ունեցած մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը արդէն իսկ աւարտած է իր ելոյթները:
Քառորդ աւարտականին հասած 4 մարզիկներէն երկուքը կրցան պրոնզէ մետալներ շահիլ:
Էլիդա Քոչարեան մինչեւ 65 քկ կշիռի կիսաւարտականին 5-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր ռուս Ազալիա Ամինեւայէն: Ռուտոլֆ Գարբոյեան մինչեւ 50 քկ կշիռի մրցումներուն իր կարգին 5-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց ռուս Պայիր Պաթլայեւէն:
Արթուր Բազէեան մինչեւ 60 քկ կշիռի քառորդ աւարտականին 1-4 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Մակեդոնիայի ներկայացուցիչ Ալեն Ռուտեմովսքիէն: Մինչեւ 75 քկ կշիռի մրցումներուն Մարատ Միքայէլեան 2-3 արդիւնքով պարտուեցաւ անգլիացի Քալում Մաքինի դէմ մենամարտին:
Ասիկա երեք անգամ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան Քոչարեանի առաջին մետալն է իր առաջին մասնակցութեան` մեծերու մրցաշարքին:


