Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի

September 24, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը վերջ կը գտնէ 2025-2026 տարեշրջանի Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, որմէ ետք յստակ պիտի ըլլան Գ. դասակարգ բարձրացող 4 խումբերը:

Երկու խմբակներու բաժնուած 12 խումբերէն 4 խումբեր իրաւունք պիտի ունենան մասնակցելու 2026-2027 տարեշրջանի Գ. դասակարգին:

ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, կը գրաւէ առաջին դիրքը` յաղթելէ ետք իր առաջին 3 մրցումներուն:

Անցեալ կիրակի իր 4-րդ մրցումին ՀՄԸՄ Պէյրութ լաւ վիճակի մէջ չէր, բայց պարտութիւնը մասնաւոր բան չփոխեց, այլ պարզապէս յետաձգեց աւելի կանուխ Գ. դասակարգ բարձրանալու իրաւունքը:

Սաֆայի դաշտին վրայ ժամը 15:00-ին ՀՄԸՄ Պէյրութ դաշտ պիտի ներկայանայ պարտութեան մատնելու համար հիւսիսի Շապապ Սաքաֆի Հերի խումբը:

Մրցակից խումբը յոյս չունի բարձրանալու Գ. դասակարգ, բայց ասիկա ըսել չէ, որ մեր տղաքը հանգիստ պէտք է խաղան եւ դիւրութեամբ կրնան յաղթել մրցակիցին:

ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը այս տարեշրջանի իրենց բոլոր մրցումներուն ալ շատ լրջութեամբ կը մօտենային իրենց մրցակիցներուն եւ այդպէս ալ պէտք է ընեն վաղուան մրցումին:

Մրցակիցին ոչ մէկ առիթ պէտք է տրուի դաշտին կեդրոնէն յառաջանալու` բարձր ճնշումով եւ առիթներ ստեծելով, միայն կարեւոր պարագաներուն տրիպլինկ կատարելով, եւ այս տարեշրջանի մեր ուժով` խմբային խաղով յաղթանակ կերտելով, բարձրանալու համար Գ. դասակարգ:

ՀՄԸՄ Պէյրութի նման 9 կէտ ունի Ղատիր Հարիս, որ պիտի մրցի Սաֆա Շուէյֆաթի դէմ, մինչ Արապի Աքքար Ռիատի, որ 2 կէտով ետ կը մնայ առաջին երկուքէն (7 կէտ), պիտի մրցի Նասր Քամետ Լոզի դէմ:

Այսօր տեղի կ՛ունենան Ա. խմբակի վերջին մրցումները: Այս խմբակին մէջ ոչ մէկ բան յստակ է, եւ մինչեւ վերջին դիրքերը գրաւող խումբերը յոյս ունին բարձրանալու Գ. դասակարգ:

Շապապ Պըրժ եւ Ֆութուա Ռիատի 7-ական կէտեր ունին, Ռայան Սարաֆանտ 6 կէտ ունի, Ղազզա Ռիատի 5 կէտ, իսկ Ռաուտա Տըքուանէ եւ Նըժմէ Մաարաքէ` 4-ական կէտեր ունին:

Նախորդը

ՀԲԸՄ Լիբանանի Ընտանիքը Ձեռնարկեց. Համաշխարհային Վազք` Յանուն «Նայիրի Ճամբար»-ին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ազգերու Լիկայի Մրցումներուն Համար.  Եղիշէ Մելիքեան Հրապարակեց  Ազգային Խումբի Մարզիկներու Ցանկը
Մարզական

Ազգերու Լիկայի Մրցումներուն Համար. Եղիշէ Մելիքեան Հրապարակեց Ազգային Խումբի Մարզիկներու Ցանկը

November 9, 2026
Պատանիներու Ողիմպիական Խաղեր.  Սուրէն Կատվալեան Հասաւ Քառորդ Աւարտական
Մարզական

Պատանիներու Ողիմպիական Խաղեր. Սուրէն Կատվալեան Հասաւ Քառորդ Աւարտական

November 9, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Արամ Բաքլաչեան Ախոյեան
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Արամ Բաքլաչեան Ախոյեան

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.