Գերմարդկային Կամքով` Թիկիսթ Ասեֆա Շահեցաւ Պերլինի Մարաթոնը
Կիրակի օր տեղի ունեցաւ Պերլինի մարաթոնը: Երբ այդ մարաթոնի աղջկանց ախոյեանը 30-րդ քիլոմեթրին կը սուրար դէպի նոր մրցանիշ, պատռեց իր կռունկի կապը, որ կը միացնէր ոտքի ետեւի մկանը` ոսկորին: Բնական է, որ մարզիկ մը կամ որեւէ անհատ այդ ձեւի արկածի պահուն անզսպելի ցաւին չդիմանալով պէտք էր դադրեցնէր ինչ որ կը կատարէր, բայց եթովպիացի Թիկիսթ Ասեֆա անբնական կարողութիւններու տէր անձ մըն...




















