Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է 600 միլիոն դրամ յատկացնել «Հրազդան» մարզադաշտի վազքուղիի եւ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու վերակառուցման համար: Մարզադաշտը կը պատրաստուի հիւրընկալելու Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ 23 յուլիսէն 1 օգոստոս 2027-ին:
Աշխատանքներու պայմանագիրը հրատապ ընթացքով կը կնքուի «Ճի. Թի. Էս. Քոնսթրաքշըն» ընկերութեան հետ: Սակայն վազքուղիի ռետինէ ծածկուած բաժինը եւ հիմքի նախապատրաստութիւնը հաստատուած գումարին մէջ ներառուած չեն: Այդ աշխատանքներուն համար առանձին ներդրում պէտք է իրականացուի:
Թեքնիք հետազօտութեան արդիւնքներու համաձայն, խաղերուն ժամանակ մարզադաշտը կրնայ ընդունիլ մօտ 21,566 հանդիսատես, սակայն թրիպիւնները կը գործեն սամանափակումներով: Հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւնները 50 տոկոսով պիտի օգտագործուին, արեւմտեանը` ամբողջութեամբ: Արեւելեան թրիպիւնին պարագային կարելի պիտի ըլլայ օգտագործել միայն առաջին 11 շարքերը: Վերի բաժինները պիտի մնան փակ:
«Հրազդան»-ը կառավարութեան կը պատկանի, եւ այդ պատճառով կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան յանձնարարուած է երեք ամսուան ընթացին մշակել յառաջիկայ 20 տարիներուն մարզադաշտը պետական ծրագիրներու շրջանակով օգտագործելու պայմանները:
Բացի Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերէն, այստեղ կը նախատեսուի կատարել Հայաստանի ախոյեանութիւնները, միջազգային մրցումներ եւ աթլեթիզմի մարզումներ: Նշենք, որ «Հրազդան» մարզադաշտը կառուցուած էր 1970-ին եւ հիւրընկալած է Արարատ Երեւանի խաղերը 1971-էն մինչեւ 2015, Փիւնիկի խաղերը 1992-էն 1998 եւ Հայաստանի ազգային խումբին խաղերը 1992-էն 1999:
19 մայիս 1971-ին 78 հազար համակիրներ ընդունած է այս պատմական մարզադաշտը, Արարատ-Կայրաթ Ալմաթի (3-0) մրցումին:


