Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգերու Լիկա. Այսօր` Հայաստան – Լաթվիա

September 25, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, Հայաստանի հաւաքականը Ազգերու լիկայի 2026-2027 տարեշրջանի իր առաջին մրցումին պիտի հիւրընկալէ Լաթվիան:

ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր դասաւորման մէջ Հայաստան այժմ 107-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ մրցակից Լաթվիա 137-րդ դիրքին վրայ է:

Հայաստան մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի, մանաւանդ որ 8 մարզիկներ վիրաւորուած են, բան մը, որ պիտի դժուարացնէ մարզիչ Եղիշէ Մելիքեանի գործը:

«Ժողովուրդ» ալիքը հրապարակած էր Մելիքեանի հեհ ունեցած իր հարցազրոյցը, ուր վերջինս վշտացած էր բոլոր անոնցմէ, որոնք չէին ուզեր մաս կազմել ազգային խումբին:

«Աւելի լաւ է ունենալ անփորձ ֆութպոլիստներ, քան փորձառու, բայց պատերազմի դաշտէն փախուստ տուած խաղցողներ», ըսած է ան:

«Մէկ բան զիս շատ կը նեղացնէ` մեր ֆութպոլիստները, որոնք տակաւին կրնան իրենց ակումբներուն հետ խաղալ, բայց կը հրաժարին խաղալ հաւաքականին հետ: Անոնց պատճառներն ու փաստերը ինծի ընդհանրապէս չեն համոզեր: Ես ինքս խաղցած եմ ազգային խումբէն եւ շատ բան տեսած: Կը յիշեմ Ռոման Խաչատրեանը, երբ դաշտ կը ներկայանար ուռած ոտքով, եւ նոյնիսկ ոտքին չէր մտներ անոր խաղակօշիկը: Տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս Արթուր Պետրոսեան ծունկէն վիրաւոր կը խաղար` մոռնալով իր ցաւերը: Արմէն Շահգելդեան եւ նոյնպէս Սարգիս Յովսէփեան մինչեւ վերջին շունչ ազգային խումբին նուիրուած էին: Աւելի լաւ է երիտասարդներուն սորվեցնեմ մինչեւ վերջ զէնքը ձեռքին յառաջ երթալ: Ինծի այդպիսի մարդիկ պէտք են: Ես շատ զայրացած եւ վշտացած եմ, բայց հաւաքականը թող մաքրուի: Ֆութպոլիստներ տարբեր պատճառներ կը նշեն: Մինչեւ իսկ մէկը ըսած է, որ հետս հարց ունի: Ես ոեւէ մէկուն հետ հարց չունիմ եւ չեմ ունեցած: Թող գայ աչքերուս նայելով ըսէ, որ մեր միջեւ հարց կայ: Եթէ իրենց պատճառներով պիտի չգան, թող հեռանան: Ես կը հաւաքեմ իմ մարզիկներս: Եթէ պարտուիմ, թող այդպէս ըլլայ, եթէ յաղթեմ` լաւ:

Առնուազն կը գիտնամ, թէ որո՛ւ հետ կ՛անցնեմ այդ ճամբան: Իւրաքանչիւր ֆութպոլիստ պէտք է հասկնայ, որ հաւաքականը ո՛չ կը պատկանի ֆետերասիոնի նախագահին եւ ո՛չ ալ մարզիչին: Ատիկա երկրին խումբն է: Հաւաքականը կը պատկանի բոլորին` երեխաներուն, հայրերուն եւ մեծ հայրերուն: Պապիկը պէտք է իր թոռնիկին հետ գայ դաշտ եւ ուրախանայ: Հաւաքականը կը պատկանի ամբողջ ազգին: Պէտք է խօսք մըն ալ ուղղեմ ակումբներուն, որոնք պէտք է առիթ տան լաւ հայ մարզիկներուն, որ դաշտ ներկայանան եւ փորձառութիւն շահին: Գիտեմ ակումբ մը, որուն անունը պիտի չտամ: Ունի հայ լաւ մարզիկ մը, որ դժբախտաբար չխաղալով մրցումի համար պատրաստ չէ, որ կանչեմ հաւաքական: Խօսք մըն ալ ֆետերասիոնին եւ նոյնիսկ կառավարութեան: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ Հայաստանի նման երկիր մը ունի միայն 1 օրինաւոր մարզադաշտ: Կ՛ուզենք նմանիլ Վրաստանի: Գիտէ՞ք, թէ Վրաստանի մէջ պետութիւնը քանի մարզադաշտ կառուցած է: Մեր միակ մարզադաշտը արդէն գրեթէ 100 տարեկան է: Մենք կը սիրենք մեզ համեմատել ուրիշին հետ: Մենք մէկ մարզադաշտ ունինք, մնացածը պարզ խաղադաշտեր են: Փա՛ռք Աստուծոյ, որ Նոա ակումբը սեփական ենթակառոյցով մարզադաշտ կը կառուցէ: Բայց ատիկա շատ քիչ է: Պետութիւնը պէտք է ատով զբաղի: Պետութիւնն ու վարչապետը պէտք է սիրեն ֆութպոլը, հոգ տանին անոր մասին եւ զարգացման ծրագիրներ ներդնեն», ըսաւ Մելիքեան:

Այսօր եւ Իտալիա իր նոր (հին) մարզիչին` Ռոպերթօ Մանչինիի հետ պիտի հիւրընկալէ Պելճիքան, որուն մարզիչն ալ` Մարք Վան Պոմել, նոր նշանակուած է: Ֆրանսան, Զինետին Զիտանի հետ, պիտի մեկնի Թուրքիա` մրցելու տեղւոյն ազգային խումբին դէմ:

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկի Մետալ Նուաճեց… Արժանթինի Հետ

RelatedPosts

Ըմբշամարտ.  Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկի Մետալ Նուաճեց… Արժանթինի Հետ
Մարզական

Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկի Մետալ Նուաճեց… Արժանթինի Հետ

September 25, 2026
Բռնցքամարտ.  Հայաստան 2 Պրոնզէ Մետալներով  Աւարտիեց Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Բռնցքամարտ. Հայաստան 2 Պրոնզէ Մետալներով Աւարտիեց Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

September 25, 2026
Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Յաղթեց Ուեզլի Սոյին  Եւ Հայաստան Հաւասարեցաւ Միացեալ Նահանգներու Հետ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Յաղթեց Ազրպէյճանին
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Յաղթեց Ուեզլի Սոյին Եւ Հայաստան Հաւասարեցաւ Միացեալ Նահանգներու Հետ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Յաղթեց Ազրպէյճանին

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.