Հայ ֆութպոլիստ Ռոման Աւագեան-Կոմես հրաւիրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու պատանիներու (17 տարեկանէն վար) ազգային խումբ, միջազգային հաւաքին մասնակցելու համար Սպանիոյ մէջ:
Ամերիկեան հաւաքականը Մուրսիայի մէջ կը մասնակցի մրցաշարքի մը, որուն ընթացքին 4 բարեկամական մրցումներ պիտի ունենայ Նետերլանտներու, Ֆրանսայի, Սկովտիոյ եւ Պելճիքայի հաւաքականներուն դէմ: Աւագեանի հրաւէրին մասին հաստատած է նախ անոր գերմանական Մայնց ակումբը:
Այսպիսով, 16 տարեկան Ռոմանի արտասովոր ճանապարհը կը շարունակուի միջազգային մակարդակով: Ան նախապէս մասնակցած էր Հայաստանի եւ Մեքսիքայի պատանեկան հաւաքականներուն հետ եւ այժմ կարելիութիւն ստացած է հանդէս գալու Միացեալ Նահանգներու հաւաքականին հետ:
Աւագեան ծնած է Միացեալ Նահանգներ եւ հօր կողմէն հայկական արմատներ ունի, իսկ անոր մայրը մեքսիքացի է: Իր ծագումին շնորհիւ ֆութպոլիստը կապուած է երեք երկիրներուն հետ:
2024-ին ան Հայաստանի պատանիներու երկու խումբերուն հետ ալ ելոյթներ ունեցած է 14 եւ 15 տարեկանէն վար: Ան մասնակցած է «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի զարգացման մրցաշարքին եւ տարի մը ետք Երեւանի մէջ տեղի ունեցած 15 տարեկանին վար միջազգային մրցաշարքին: Աւագեան կոլ ալ նշանակած է Ուզպեքիստանի դէմ մրցումին, ինչպէս նաեւ Վրաստանի դէմ վճռական փենալթիներուն ընթացքին նպատակին հասած է փենալթիով մը:
Այս տարուան մարտին ան հրաւիրուած է Մեքսիքայի 16 տարեկանէն վար հաւաքական եւ մասնակցած Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին:
Այժմ Աւագեան իր առաջին հրաւէրը ստացած է Միացեալ Նահանգներու 17 տարեկանէն վար մակարդակով:
Ակումբի մակարդակով Ռոման հանդէս կու գայ Մայնցի 17 տարեկանէն վար խումբին հետ: Գերմանական ակումբը զայն կը ներկայացնէ իբրեւ յետսապահ: Նոյն պահուն, Աւագեան բաւական կարողութիւններու տէր ըլլալով կրնայ խաղաղ միջնապահ գիծի ձախ կողմը, ինչպէս նաեւ աջ կողմի յառաջապահ գիծի վրայ նոյնիսկ:
Յոյսով, որ տաղանդաւոր այս մարզիկը վերջնական որոշում կայացնէ իր ապագային մասին եւ վերադառնայ Հայաստանի ազգային խումբ` մեծերու պարագային:


