Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի

September 25, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութ վճռական մրցում մը ունի կատարելիք Գ. դասակարգ բարձրանալու առումով, ուր պիտի մրցի Շապապ Սաքաֆի Հերիի դէմ:

Վերջին անգամ 2021-ին էր, որ ՀՄԸՄ Պէյրութ մաս կը կազմէր Գ. դասակարգին, բայց նոյն տարեշրջանի աւարտին ինկած էր Դ. դասակարգ:

Տարիներէ ի վեր կատարուած ձախող փորձերէ ետք, այս տարի տղաքը լրջօրէն կը պայքարին բարձրանալու Գ. դասակարգ:

Ճիշդ 2 ամիս առաջ ՀՄԸՄ կատարած էր իր տարեշրջանի իր առաջին մրցումը եւ իր կատարած 9 մրցումներուն 8 յաղթանակներ արձանագրած էր` նշանակելով 31 կոլ եւ ստանալով 8 կոլ:

Պէտք է ըսել, որ իր վերջին մրցումին (անցեալ կիրակի) ան ստացած էր 4 կոլ` հիւսիսի ախոյեան Արապի Աքքար Ռիատի խումբին դէմ մրցումին:

Այժմ մրցակիցը հիւսիսէն է, բայց վստահաբար բարձրանալու համար չէ, որ կը խաղայ, մանաւանդ որ 4 կէտերով ան կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:

Ասիկա անշուշտ ըսել չէ, որ մրցակիցը թոյլ մրցում մը կրնայ կիրարկել: Մե՛նք պէտք է աւելի լաւ խաղանք, եւ 11 մարզիկները մէկ մարդու նման պէտք է պայքարին դաշտին վրայ` յաղթանակ արձանագրելու եւ բարձրանալու համար 3-րդ դասակարգ: Թուաբանական հաշիւներով կրնայ հաւասարութիւն մըն ալ բաւարար ըլլայ, բայց ասիկա բնաւ լաւ կէտ մը չէ, մանաւանդ, որ պատմութիւնը միշտ կը վկայէ, թէ բոլոր այն խումբերը, որոնք հաւասարութիւն արձանագրելու համար դաշտ կը ներկայանան, պարտութեամբ կը մեկնին դաշտէն: Մենք պէտք է պայքարինք 90 վայրկեան` 3 կէտ շահելու համար, հոգ չէ թէ միւս արդիւնքները որուն հաշուոյն կրնան ըլլալ: Համակիրներն ալ պէտք է անպայման ներկայ գտնուին դաշտ` երիտասարդ խումբին օգնելու անցեալ շաբթուան անակնկալ պարտութենէն դուրս գալու: Բոլոր անոնք, որոնք առիթ ունին ներկայանալու, թէ՛ Սաֆայի դաշտին մուտքը ազատ է, թէ՛ ալ փոխադրակառքերը ձրիաբար պիտի փոխադրեն համակիրները:

Յոյսով, որ ժամը 5:00-ին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները համակիրներուն հետ յաղթական վերադառնան Պուրճ Համուտ եւ յառաջիկայ տարեշրջանին մաս կազմեն Գ. դասակարգին:

Նախորդը

Ազգերու Լիկա. Այսօր` Հայաստան – Լաթվիա

RelatedPosts

Ազգերու Լիկա.  Այսօր` Հայաստան – Լաթվիա
Մարզական

Ազգերու Լիկա. Այսօր` Հայաստան – Լաթվիա

September 25, 2026
Ըմբշամարտ.  Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկի Մետալ Նուաճեց… Արժանթինի Հետ
Մարզական

Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկի Մետալ Նուաճեց… Արժանթինի Հետ

September 25, 2026
Բռնցքամարտ.  Հայաստան 2 Պրոնզէ Մետալներով  Աւարտիեց Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Բռնցքամարտ. Հայաստան 2 Պրոնզէ Մետալներով Աւարտիեց Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.