Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա, Մանչեսթըր Սիթի Եւ Տորթմունտ Ամբողջական Կէտեր Հաւաքած Են. Իտալիա` Բուռն Պայքար

September 23, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տարեշրջանի ՖԻՖԱ-ի առաջին դադարէն առաջ, Եւրոպայի 5 գլխաւոր լիկաներուն մէջ որոշ չափով պայքարող խումբերը կը յստականան:

Սպանիոյ մէջ 7 հանգրուաններ կատարուած են, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ` 5 հանգրուաններ, մինչ Գերմանիոյ մէջ 4 հանգրուաններ խաղցուած են դադարէն առաջ:

Անգլիոյ մէջ, Մանչեսթըր Սիթի իր 5 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած է, մինչ անցեալ տարուան ախոյեան Արսենալ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականի ալ հասած էր, լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէր, բայց շաբաթավերջին 3-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրելէ ետք Պրայթընէն, նահանջեց Բ. դիրք: Պրայթըն կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, մինչ Պրենթֆորտ եւ Լիծ կ՛ամբողջացնեն առաջին հնգեակը: Պէտք է ըսել, որ Պրենթֆորտ, Լիծ, Լիվըրփուլ եւ Էվըրթըն 9-ական կէտեր ունին եւ վերին դիրքերուն համար կը պայքարին:

Թոթենհամ 2 կէտով կը գրաւէ վերջին դիրքը:

Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ իր առաջին 7 մրցումներն ալ յաղթած է` նշանակելով 31 կոլեր: Կոլ-սքորըրներու առաջին երկու դիրքերն ալ կը գրաւեն խմբապետ Ռաֆինիա (12 կոլ) եւ Լամին Եամալ (7 կոլ):

Ռէալ Մատրիտ կրեց այս տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը` Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ մայրաքաղաքի տերպիին: Այս մրցումէն ետք փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ խիստ ձեւով քննադատած էր օրուան իրաւարարը` որ դաշտէն վտարած էր Տին Հաուսընը:

Քիլիան Էմպափէ նշանակած է 7 կոլ, բայց Ռէալ Մատրիտ 4-րդ դիրքը կը գրաւէ 15 կէտերով` մէկ կէտով ետ մնալով Աթլեթիքօ Մատրիտէն եւ Պեթիսէն: Այս երկու խումբերն ալ Ռէալ Մատրիտին կրցան յաղթել այս ամիս:

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ն այս տարեշրջանին շատ հետաքրքրական կը թուի ըլլալ, ինչպէս կը խոստանայ առաջին 5 հանգրուաններէն ետք:

Ա. Էս. Ռոմա եւ Ինթեր Միլան իրենց 4 մրցումները յաղթելէ ետք, շաբաթ օր իրար դէմ մրցած էին Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ:

Առաջին կիսախաղին 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Ռոմա Բ. կիսախաղին 2 կոլ ստացաւ ախոյեան Ինթերին դէմ եւ մրցումը վերջ գտաւ հաւասարութեամբ:

Գ. դիրքը գրաւեց Լացիօ Ռոմա, որ Ինթերին եւ Ռոմային նման 13 կէտեր ունի:

Քալիարի (4-րդ), Ա. Սէ. Միլան, Ֆրոսինոնէ, Եուվենթուս եւ Քոմօ կը գրաւեն մինչեւ 8-րդ դիրքը: Քոմօ (10 կէտ) 3 կէտով ետ կը մնայ միայն պարագլուխի դիրքէն, եւ այդ պատճառով այս տարեշրջանը «տաք» կը թուի ըլլալ:

Ֆրանսայի մէջ Մոնաքօ 13 կէտ կրցած է ձեռք ձգել կարելի 15-էն եւ 2 կէտով կը գերազանցէ Լիոնն ու Փարիզ Ֆ. Ք. ակումբը: Կը սպասուէր, որ վերջին տարիներու ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն առնուազն առաջին 5 դիրքերէն մէկը գրաւէր, բայց ան այժմ 6-րդ դիրքը կը գրաւէ 8 կէտերով:

Մարսէյ կը գրաւէ 17-րդ եւ նախավերջին դիրքը:

Գերմանիոյ մէջ Պորուսիա Տորթմունտ իր 4 մրցումներն ալ յաղթած է եւ 2 կէտով կը գերազանցէ Պայերն Միւնիխն ու Ֆրայպուրկը:

1970-ականներու լաւագոյն խումբերէն Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ առանց կէտի կը գրաւէ վերջին դիրքը:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Վերանկախացման Տօնին Առիթով` Արման Մինասեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց

RelatedPosts

Հայաստանի Վերանկախացման Տօնին Առիթով`  Արման Մինասեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց
Մարզական

Հայաստանի Վերանկախացման Տօնին Առիթով` Արման Մինասեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց

September 23, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Տղաքը Հաւասարեցան  Չինաստանի Հետ Եւ Յաղթեցին Իրանի
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Տղաքը Հաւասարեցան Չինաստանի Հետ Եւ Յաղթեցին Իրանի

September 23, 2026
Արգիշտ Պետրոսեան Հրաւիրուեցաւ  Հայաստանի Ազգային Խումբ
Մարզական

Արգիշտ Պետրոսեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ազգային Խումբ

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.