Արժանթինի Ռոզարիօ քաղաքին մէջ ընթացող «Սանթա Ֆէ-2026» Հարաւային Ամերիկայի խաղերուն, Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարքը առանձնացաւ պատմական իրադարձութեամբ: 39 տարեկան յայտնի հայ ըմբիշ Արսէն Ջուլֆալակեան, որ աշխարհի ախոյեան եւ Ողիմպիական խաղերու Լոնտոնի արծաթ մետալը շահած է, ներկայացուցած է Արժանթինը եւ շահած 77 քկ կշիռի տիտղոսը:
Աւարտականին Ջուլֆալակեան 4-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ տարած է քոլոմպիացի Խայիր Քուէրոյի նկատմամբ` վրէժի մրցում կատարելով խմբային առաջին հանգրուանին պարտութիւն կրելէ ետք: Այս մետալը պատմական նշանակութիւն ունէր Արժանթինի համար: Երկիրը վերջին 16 տարիներուն Հարաւային Ամերիկայի խաղերուն յունահռոմէական ըմբշամարտի ոսկիէ մետալ չէր նուաճած:
«Արժանթինի այս երկար տարիներու դադարը յաւելեալ ուժ տուաւ յաղթելու թէ՛ ինծի, թէ՛ Արժանթինի: Անհաւատալի զգացում է», ըսաւ հայ ըմբիշը մրցաշարքէն ետք:
Արսէն Ջուլֆալակեանի անունը հայկական մարզական աշխարհին մէջ կանուխէն արդէն գրուած է ոսկի տառերով: Ծնած 1987-ին, Գիւմրիի մէջ, 1988-ին Սէուլի ողիմպիական խաղերու ախոյեան Լեւոն Ջուլֆալակեանի ընտանիքին մէջ, Արսէն կրցաւ կերտել իր սեփական փառաւոր ուղին: 2009-ին ան դարձաւ Եւրոպայի, իսկ 2014-ին աշխարհի ախոյեան, սակայն 2012-ին Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալը անոր ասպարէզին համար եղաւ շրջադարձային:
Կը թուէր, որ 2021-ի յուլիսին, Թոքիոյի 2020-ի Ողիմպիականի զտումի մրցումներու պահուն, հաւաքականին մէջ տրուած վճռական որոշումներէն եւ քաղաքականութիւն մուտք գործելէ ետք, անոր մարզական ասպարէզը աւարտած էր:
Սակայն 2023-ին Զուիցերիոյ մէջ ունեցած հանդիպումը արժանթինցի նախկին ողիմպիական ըմբիշ Եուրի Մայերի հետ, որ այժմ Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի պաշտօնեան է ամէն ինչ փոխեց:
«Չե՞ս ցանկար քու մասնակցելիք 4-րդ Ողիմպիական խաղերուն ներկայացնել Արժանթինը», Մայերի անսպասելի առաջարկը անգամ մը եւս արթնցուց Ջուլֆալակեանի մարզական կարօտը:
Վերադարձը դիւրին չէր: Ան կը պատրաստուէր Փարիզի 2024-ի Ողիմպիականի զտումի մրցումներուն մասնակցիլ, բայց անոր վիրաւորուիլը յետաձգեց այդ մէկը: Մէկ տարուան ապաքինումի ժամանակաշրջանէ անցնելէ ետք, ան 2025-ին Մոնթերէի մէջ «Փան Ամերիքան» խաղերու արծաթ մետալը նուաճեց:
Այժմ ան ոսկի մետալ նուաճելով մտադիր է 2028-ի Ողիմպիականի խաղերու (Լոս Անճելըս) մասնակցիլ Արժանթինի հետ: Արսէն Ջուլֆալակեան 39 տարեկան է, բայց տակաւին ունի պայքարի ոգին:
Պէտք է նշել, որ Արժանթինի ներկայացուցիչ Ռիքարտօ Նաուել Կոմես 97 քկ կշիռի արծաթէ մետալը նուաճեց 21 տարեկան հասակին:


