Աշխարհի ճատրակի 13-րդ ախոյեան Կերի Գասպարովի ճատրակի հիմնադրամն ու Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքի ճատրակի կրթական կեդրոնը սկսած են նոր ծրագիրի մը` «Պատանի աստղեր»:
Անիկա կ՛ընդունի ճատրակ խաղալու ունակութիւն ունեցող բոլոր երեխաներուն դիմումները` աշխարհի չորս ծագերէն:
Մրցումին մասնակցողները` 9-13 տարեկան, պէտք է ներկայացնեն իրենց նուաճումները, իրենց ֆետերասիոնէն յանձնարարական նամակներ եւ մրցումի մասնակցութեան սակը` 100 ամերիկեան տոլար:
Մրցումին յաղթականները առիթ կ՛ունենան մարզուելու Գասպարովի հետ: