Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ մօտիկ ապագային պիտի սկսի 2018-ի մինի ֆութպոլի առաջին պաշտօնական ախոյեանութիւնը, ինչպէս նաեւ բաժակի մրցաշարքը: Ասկէ մեկնելով ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ ակումբները արագացնեն եւ ամբողջացնեն իրենց կազմերը:
Մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ տարի կազմակերպեց ոչ պաշտօնական ախոյեանութիւնը, որուն աւարտին Իթթիհատ Ատէյսէ խումբը տիրացաւ տիտղոսին:
Այս իրողութենէն մեկնելով, անիկա կը կազմակերպէ իր առաջին պաշտօնական ախոյեանութիւնը, որուն ազդանշանը պիտի տրուի շաբաթ, 21 յուլիսին:
Շուտով սկիզբ պիտի առնէ նաեւ Լիբանանի բաժակի մրցաշարքը, որ պիտի սկսի շաբաթ, 31 մարտին:
Մարզիկներու ստորագրութիւնները կը սկսին 27 յունուարին եւ կ՛աւարտին 1 մարտին: