Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 12 յունուարին, Զուք Մոսպեհի իր դաշտին վրայ Լուէյզի կը հիւրընկալէ Ռիատին:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Հակառակ անոր որ Լուէյզի արձանագրած է 5 յաղթանակ, կրած 9 պարտութիւն եւ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը, բայց եւ այնպէս խումբը կ՛ունենայ լաւ ներկայացումներ եւ յաճախ իր ունեցած կէտերու տարբերութիւնը կը յաջողի բաւական բարձրացնել իր մրցակիցներուն նկատմամբ:
Կ՛ակնկալուի, որ այսօր Լուէյզի կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրէ իր հիւրին դէմ եւ իր համակիրներուն ներկայութեան:
11 յաղթանակ արձանագրած եւ 3 պարտութիւն կրած Ռիատի կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ: