14 յունիսէն 15 յուլիս ռուսական 11 քաղաքներու մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի մոնտիալը:
ՖԻՖԱ-ին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ֆութպոլի համաշխարհային այս կազմակերպութիւնը համաձայն է, որ մրցումներուն ընթացքին ռիփլէյի դրութիւնը կիրարկուի, եթէ կասկածելի որեւէ հարց գոյութիւն ունենայ իրաւարարներուն կողմէ, կը յայտնէ «ԱՍ» օրաթերթը:
Այս հարցին վերաբերեալ վերջնական որոշումը ՖԻՖԱ-ի թեքնիք յանձնախումբը պիտի տայ իր նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ 22 յունուարին:
Դրական որոշումի մը յանգելու պարագային, ՖԻՖԱ-ն պէտք է կազմէ համակարգին հսկելիք իրաւարարներուն ցանկը:
Այս համակարգը յաջողութեամբ կիրարկուեցաւ 2017-ի միջցամաքամասային բաժակի մրցաշարքին, ինչպէս նաեւ 2017-ի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան ընթացքին:
Անիկա կը կիրարկուի նաեւ Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն: