Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ սկիզբ առաւ Անդրանիկ Մարգարեանի անուան յուշամրցաշարքը, որուն շրջանակներուն մէջ տեղի պիտի ունենան 6 մրցաշարքեր. 5-ը պատանեկան եւ մէկը` շրջանային:
Բացի Հայաստանէն, յուշամրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ երկիրներու ճատրակ խաղացողները. Ռուսիա, Թուրքմենիստան, Ուքրանիա, Լեհաստան, Իրան եւ Մոլտովա:
Հայկական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ յուշամրցաշարքին պիտի մասնակցի 750 հոգի` հետեւեալ ձեւով.
10 տարեկանէն վար տղաք` 313, 12 տարեկանէն վար տղաք` 183, 12 տարեկանէն վար աղջիկներ` 81, 14 տարեկանէն վար` 94, 18 տարեկանէն վար` 69:
Մասնակցողներու թիւով Անդրանիկ Մարգարեանի անուան յուշամրցաշարքը կը նկատուի աշխարհի մեծագոյն պատանեկան մրցաշարքերէն մէկը:
Ինչ կը վերաբերի շրջանային մրցաշարքին, անոր կը մասնակցին` 10 ճատրակ խաղացողներ: 5-ը` կրանտմասթըրներ, իսկ 5-ը` միջազգային վարպետներ:
Մասնակցողներուն միջին վարկանիշն է 2502:
Անոր կը մասնակցի նաեւ ողիմպիականի կրկնակի ախոյեան, նախկին Խորհրդային Միութեան ախոյեան, Հայաստանի վեցակի ախոյեան, կրանտմասթըր Արտաշէս Մինասեան: