Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 13 յունուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Զուք Մոսպեհի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ ունի բաւական լաւ մարզիկներ, այսօր լաւագոյն առիթը ունի յաղթելու իր մրցակիցին, թէկուզ անիկա ցարդ պարտութիւն չէ կրած:
Խումբին մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ոչ մէկ ճիգ խնայել արձանագրելու տարեշրջանի իրենց հինգերորդ յաղթանակը` դասաւորման մէջ աւելի բարձր դիրքի հասնելու համար:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: