Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ պիտի հովանաւորէ 3-4 փետրուարին տեղի ունենալիք Լիբանան – Թայփէ մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիա – Ովկիանա թենիսի Տէյվիս Քափի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ Թաատոտի դաշտին վրայ (Պէյրութ):
Ֆետերասիոնը նախարարին շնորհակալութիւն յայտնելով աւելցուց, որ Լիբանանի ազգային խումբին մարզիկները բաւական լուրջ փորձեր կը կատարեն այդ մրցումին մասնակցելու համար:
Մօտիկ ապագային տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի յայտարարուին Լիբանանը ներկայացնող մարզիկներուն անունները:
Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին հսկիչ նշանակուած է եգիպտացի Աշրաֆ Համմուտ:
Այս մրցումին յաղթականը պիտի մրցի Իրան – Հոնկ Քոնկ մրցումին յաղթականին դէմ: