Շաբաթ, 13 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը անոր Տըքուանէի կեդրոնատեղիին մէջ: Համագումարին ընթացքին պիտի քննարկուին ֆետերասիոնի պիւտճէին հարցը, նախորդ տարի ունեցած գործունէութիւնը:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ եթէ պատահի, որ այս ժողովը օրինական չըլլայ, ներկաները ճիշդ շաբաթ մը ետք, միեւնոյն ժամուն երկրորդ նիստի մը պիտի հրաւիրուին:
Այս ժողովին պէտք է ներկայ ըլլան ֆետերասիոնին անդամներէն կէսէն աւելին, այսինքն` կէս+1 դրութեամբ: