Անգլիական մամուլին համաձայն, «Փրեմիեր լիկ»-ի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի համաձայնութեան եկած է ձեռք ձգելու լոնտոնեան Արսենալի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչեսի ստորագրութիւնը:
Շատ հաւանաբար մինչեւ շաբաթավերջ այդ քայլը կատարուի, պայմանով սակայն, որ Արսենալ համաձայն գտնուի առաջարկուած 20 միլիոն եւրոյի գումարին:
Չիլիցի 29 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը` Արսենալի հետ, կ՛աւարտի այս ամառ: