Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Չելսիի նախորդ տարեշրջանի հասոյթը, որ աճած է տասը առ հարիւրով, կազմած է 488,2 միլիոն ամերիկեան տոլար, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Պատկերասփիւռի կայաններուն սփռումներէն ակումբը ստացաւ 219,5 միլիոն ամերիկեան տոլար, առեւտրական գործունէութիւններէն` 180 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ տեղի ունեցած մրցումներէն` 88,5 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Ակումբին նիւթական վնասները եղած են 95,4 միլիոն ամերիկեան տոլար, որուն 90,5 միլիոնը լոնտոնեան ակումբը վճարած է «Ատիտաս»-ի եւ «Նայք»-ի հետ իր պայմանագրութիւնները խզելու համար: