Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Վալենսիա – Ռէալ Մատրիտ. Վաղը` Մարսէյ – Մոնաքօ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, պիտի կատարուին հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ Իտալիոյ, Սպանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ: Անգլիոյ մէջ կը կատարուին բաժակի մրցումներ: Այսօր, բաւական տաք ճակատումի մը ընթացքին, Ռէալ Մատրիտ հիւրը պիտի ըլլայ Վալենսիայի` փորձելով յաւելեալ կէտեր ապահովել, անկէ խլել կարենալու համար երրորդ դիրքը: Իտալիոյ մէջ, վաղը հետաքրքրական պիտի ըլլայ Ա. Սէ. Միլան -...

Թենիս. Սերենա Ուիլիըմզի Վերադարձը` 5 Մարտին

Նախապէս աղջկանց թենիսի միջազգային առաջին դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ որոշեց մասնակցիլ ամերիկեան Ինտիըն Ուելզի մէջ կատարուելիք ««Պի. Էն. Փի.» - Փարիպաս Օփըն»-ի միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 5-18 մարտին, հաղորդեց մրցաշարքին պաշտօնական կայքը: Ան 15 տարիէ ի վեր հանդէս չի գար այս մրցաշարքին, որովհետեւ 2001-ին հանդիսատեսները անոր հասցէին ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւններ ունեցած էին: 36 տարեկան Սերենա Ուիլիըմզ...

Գերմանական Ակումբի Մը Մարզիչը Սրտի Կաթուած Ունեցաւ Մրցումի Ընթացքին

Գերմանական մամուլը յայտնեց, «Պունտըսլիկա-2»-ի ծիրին մէջ կատարուած Քայզըրսլաութըրն - Տարմսթատ մրցումը (19-րդ հանգրուան) մնաց անաւարտ` նկատի ունենալով, որ Քայզըրսլաութըրնի մարզիչ Ճեֆ Սթրասեր (Լիւքսամպուրկ) սրտի կաթուած մը ունեցաւ: 43 տարեկան մրազիչը անմիջապէս տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց` ենթարկուելու համար յատուկ քննութիւններու: Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ անոր առողջական վիճակը լաւ է եւ անոր կեանքին որեւէ վտանգ չի սպառնար: Սթրասերի գլխաւորած կազմը 12 կէտով կը գրաւէ...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Երկարաձգեց Մուրինիոյի Պայմանագրութիւնը

54 տարեկան փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, որ 2016-ին նշանակուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ, մինչեւ 2020 պիտի մնայ իր կազմին հետ: Անգլիական ակումբը համաձայն գտնուեցաւ անոր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու: Նախորդ պայմանագրութիւնը կ՛աւարտէր 2019-ին:

Տենի Ալվես 3 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի յետսապահ Տենի Ալվես 3 մրցումով կախակայուեցաւ, որովհետեւ Լիոնի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Լիկ-1») ցուցաբերեց ոչ մարզական կեցուածք: Պրազիլցին կարմիր քարտ ստացած էր, երբ պոռացած էր օրուան կեդրոնի իրաւարարին վրայ:

Պասքեթպոլ. Տուպայի 29-Րդ Միջազգային Մրցաշարք. Արաբական Աշխարհի Ախոյեան ՀՄԸՄ Յաղթեց Ափրիկէի Ախոյեան Սալային Եւ Այսօր Աւարտականին Կը Մրցի Նաժըմ Ռատեսէի Դէմ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքը այսօր կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական ճակատումը` լիբանանեան կազմերէն ՀՄԸՄ-ի եւ թունուզեան Նաժըմ Ռատեսէի միջեւ: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ժամը 15:00-ին տեղի պիտի ունենայ երրորդ դիրքի մրցումը` կիսաւարտականին պարտութիւն կրած լիբանանեան Սաժեսի եւ մարոքեան Սալայի միջեւ:                                                                                                         Երէկուան մրցումէն Երէկուան ճակատումին, Արաբական...

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ահտ – Զաուրաա Մրցումը` Քամիլ Շամունի Անուան Մարզական Աւանին Մէջ

Լիբանանեան մարզական լրատուամիջոցներ եւ կայքեր հաղորդեցին, որ Քամիլ Շամունի անուան Մարզական աւանին մէջ, Լիբանանի ախոյեան Ահտ պիտի ճակատի իրաքեան Զաուրաա խումբին դէմ` Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 10 փետրուարին: Նշուեցաւ նաեւ, որ վերոնշեալ վայրին մէջ 7 փետրուարին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Նըժմէ եւ Անսար` Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ:

Երեքշաբթի, 30 Յունուարին. Դրամատուներու Պասքեթպոլի Մրցաշարքին Բացումը

Հովանաւորութեամբ Պէյրութի դրամատան, հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, երեքշաբթի, 30 յունուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ազդանշանը կը տրուի Դրամատուներու 5-րդ պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Նախորդ տարուան մրցաշարքին բացումէն Մրցաշարքին պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, որ տեղի պիտի ունենայ Շիահի մարզադաշտին վրայ, տեղի պիտի ունենայ բացման մրցումը` Պէյրութի եւ Միջերկրական ծովու դրամատուներուն միջեւ: 2018-ի այս ախոյեանութեան մասնակցող ութ խումբերն են` Լուպնան...

Լիբանանի Ֆութպոլի Իրաւարարներու Յանձնախումբին Շաբաթական Նիստը

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նման, Լիբանանի իրաւարարներու յանձնախումբը եւս կը գումարէ շաբաթական իր նիստերը` քննարկելու համար կարգ մը կասկածելի թուացող հարցեր: Յանձնախումբի այս շաբթուան նիստին, Ա. դասակարգի Նըժմէ - Թրիփոլի 14-րդ հանգրուանին մրցումին գծով յայտարարուեցաւ, որ Նըժմէ յետսապահին ձեռքին դպած գնդակը, անոր կազմին մեծ քառակուսիին մէջ, փենալթի չէ, որովհետեւ գնդակը գետնէն վեր բարձրանալով դպաւ անոր ձեռքին, ինչ որ դիտումնաւոր չէր: Իսկ...

Մխիթարեան Աշխարհի 9-րդ Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլիստն Է

Մանչեսթըր Եունայթըտէն Արսենալ տեղափոխուած, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան դարձաւ աշխարհի 9-րդ ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը: Անոր հակառակ ուղղութեամբ մեկնած Ալեքսիս Սանչես 4-րդն է: Առաջին դիրքին վրայ է Էզեքուիել Լաւեցցի, մինչ երրորդ դիրքին վրայ` Լիոնել Մեսսի: Ստորեւ աշխարհի առաջին տասը ֆութպոլիստներուն ստացած շաբաթական աշխատավարձը. 1.- Էզեքուիել Լաւեցցի (Հեպէյ Չայնա) 750 հազար փաունտ 2.- Նէյմար (Փարիզ Սեն Ժերմեն) 515...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Պարսելոնա Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Երէկ գիշեր ամբողջացան Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումները, երբ տեղի ունեցաւ դարձի վերջին ճակատումը` Պարսելոնայի եւ Էսփանիոլի միջեւ: Մասքերանօ Պարսելոնա, որ երթին իր դաշտէն դուրս 1-0 արդիւնքով պարտուած էր, երէկ իր դաշտին վրայ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Նախանցեալ օր մրցաշարքէն դուրս մնացին Ռէալ Մատրիտ, Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Ալաւես: «Քամփ Նու»-ի դաշտին վրայ...

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթցի 34-րդ Յաղթանակը. Հարտեն Բաւականացաւ 25 Կէտով

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն, Տիթրոյիթ Փիսթընզ երկարաձգումէն ետք 98-95 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն: Այլ մրցումի մը, Հիուսթըն Ռոքեթց 104-97 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Տալաս Մավըրիքսի դաշտէն` արձանագրելով իր 34-րդ յաղթանակը: Ճէյմզ Հարտեն Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն բաւականացաւ 25 կէտով: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Շարլոթ Հոռնեթց - Նիւ Օրլինզ 96-101 Տիթրոյիթ Փիսթընզ -...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Հալեփ Դուրս Ձգեց Քերպըրը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Հալեփ Դուրս Ձգեց Քերպըրը

Շունկ Մեծ Իրագործում Մը Կատարեց Հասնելով Աւարտականին Մելպուրնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տղոց եւ աղջկանց կիսաւարտականի մրցումները: Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր յաղթանակ արձանագրեց չեխ Թոմաս Պերտիչի դէմ` 7-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով: Շունկ Հէոն Աւարտականին ան իր դէմ պիտի ունենայ այս մրցաշարքին անակնկալը` 21 տարեկան հարաւային քորէացի Շունկ Հէոնը (58-րդ), որ...

Կարճ Լուրեր` Ֆութպոլի Աշխարհէն

Կարճ Լուրեր` Ֆութպոլի Աշխարհէն

«ՍՔԱՅ ՍՓՈՐԹՑ»-ի համաձայն, գերմանական Պորուսիա Տորթմունտ դարձեալ մերժեց Արսենալի հերթական առաջարկը, որով վերջինս կ՛ուզէ իր կազմին միացնել գերմանական խումբի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկը: Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ Լոնտոնեան ակումբը անոր փոխանցման համար պատրաստ է վճարելու 50 միլիոն եւրօ, բայց Տորթմունտ նուազագոյնը կը պահանջէ` 70 միլիոն եւրօ: Տորթմունտի հետ ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2021-ի ամրան: ԵՈՒՎԵՆԹՈՒՍԻ բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն, որ մկանային հարցեր ունենալուն պատճառով բացակայ...

Պասքեթպոլ. Տուպայի Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը, Ուր Այսօր Կը Մրցի Սալայի Դէմ

Պասքեթպոլ. Տուպայի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը, Ուր Այսօր Կը Մրցի Սալայի Դէմ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի տղոց պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուած քառորդ աւարտականի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, լիբանանեան երկու կազմեր` ՀՄԸՄ եւ Սաժես, ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: Անոնք տեղի կ՛ունենան այսօր, առաջինը երեկոյեան ժամը 17:00-ին (Սաժեսի մրցումը), իսկ երկրորդը` երեկոյեան ժամը 19:00-ին (ՀՄԸՄ - Սալա): ՀՄԸՄ-ի մարզիկները թայմ-աութի ընթացքին Երէկուան իր կատարած մրցումին, ՀՄԸՄ 91-68...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կախակայումներն Ու Տուգանքները` Միշտ Անպակաս

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը: Վաւերացուեցան նախորդ շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ հրապարակուեցաւ շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը: Լիբանանի կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ վաւերացուեցաւ Ռասինկ - ՀՄԸՄ մրցումին արդիւնքը` ի նպաստ Ռասինկի (7-1): Ֆետերասիոնը մէկուկէս միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի ենթարկեց Ախա Ահլի Ալէյը: Մէկական միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան Անսար...

Հինգշաբթի, 1 Փետրուարին. Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Հինգշաբթի, 1 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուին 2018-ի ձմեռնային 23-րդ ողիմպիական խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան անձնակազմին անունները:  

Միջազգային Մարզական Երկիրներու Դասաւորման. Լիբանան` 99-րդ Դիրքին Վրայ

Յատուկ ուսումնասիրութիւններ կատարող Նետիմ Նասիֆ, որ Լուէյզի համալսարանին մէջ դասախօս է, հրապարակեց միջազգային մարզական երկիրներու նոր դասաւորումը, որուն մէջ Լիբանան կարեւոր ոստում մը արձանագրելով 114-րդ դիրքէն (2016-ին) բարձրացաւ 99-րդ դիրք (2017): Իսկ արաբական երկիրներուն մէջ Լիբանան կը գրաւէ 9-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ են Միացեալ Նահանգներ, ապա` Գերմանիա եւ Ֆրանսա:  

Թենիս. Լիբանանի Աղջկանց Ազգային Խումբը Կը Մասնակցի «Ֆետ Քափ»-ի Մրցաշարքին

6-10 փետրուարին Պահրէյնի մէջ տեղի կ՛ունենայ թենիսի «Ֆետ Քափ»-ի (աշխարհի ախոյեանութիւն) մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը: Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասի Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Պահրէյն, Ինտոնեզիա, Իրան, Լիբանան, Խըրխըզիստան, Մալեզիա, Նիւ Զելանտա, Օման, Փաքիստան, Ֆիլիփեան կղզիներ, Սրի Լանքա, Սինկափուր եւ Ուզպեքիստան: Անոր վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 5 փետրուարին: Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին նախագահը` Օլիվըր Ֆայսալ,...

2018-ի Մոնտիալ. Մարզադաշտերուն Մէջ Կը Թոյլատրուի Գարեջուրի Վաճառքը

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Վիթալի Մութքօ յայտարարած է, որ 2018-ի մոնտիալին ընթացքին մարզադաշտերուն մէջ կը թոյլատրուի եւ ֆութպոլասէր հասարակութեան հասանելի կ՛ըլլայ գարեջուրի վաճառքը: Այս լուրը հաստատեց նաեւ ՖԻՖԱ-ն: 2018-ի մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ 11 քաղաքներու 12 մարզադաշտերուն վրայ` 14 յունիսէն 15 յուլիս:

Page 878 of 1278 1 … 877 878 879 … 1,278

Արխիւներ