«ՍՔԱՅ ՍՓՈՐԹՑ»-ի համաձայն, գերմանական Պորուսիա Տորթմունտ դարձեալ մերժեց Արսենալի հերթական առաջարկը, որով վերջինս կ՛ուզէ իր կազմին միացնել գերմանական խումբի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկը:

Լոնտոնեան ակումբը անոր փոխանցման համար պատրաստ է վճարելու 50 միլիոն եւրօ, բայց Տորթմունտ նուազագոյնը կը պահանջէ` 70 միլիոն եւրօ:
Տորթմունտի հետ ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2021-ի ամրան:
ԵՈՒՎԵՆԹՈՒՍԻ բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն, որ մկանային հարցեր ունենալուն պատճառով բացակայ է ֆութպոլի դաշտերէն, բաւական ապաքինած ըլլալով սկսաւ իր փորձերուն եւ վերադարձաւ ընդհանուր խումբ:
39 տարեկան Պիւֆոնի հետ իրենց փորձերուն սկսան նաեւ Ալեքս Սանտրօ եւ Սեմի Խետիրա:
Եուվենթուսի շաբաթավերջի մրցակիցն է Քիեւօ Վերոնա:
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ նախկին միջնապահ Ալպերթ Ռիերա որոշեց վերջ դնել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
35 տարեկան սպանացին, որ 2001-էն ի վեր մաս կը կազմէ Լիվըրփուլի, նախապէս ելոյթ ունեցած է նաեւ` Մայորքայի, Մանչեսթըր Սիթիի, Օլիմփիաքոսի եւ այլ կազմերու հետ:
ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ «Սփորթ-Պիլտ»-ի համաձայն Պայէրն Միւնիխ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլը:

Կալեսցի իր ֆութպոլիստին համար Ռէալ Մատրիտ կը պահանջէ 200 միլիոն եւրօ, բայց գերմանական ակումբը պատրաստ չէ այդքան գումար վճարելու:
Արքայական ակումբին հետ Պէյլի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2022-ին, իսկ անոր հրաժարագինը կը կազմէ 500 միլիոն եւրօ:
ՍՊԱՆԱԿԱՆ «Սփորթ» մարզաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի այժմու մարզիչ Զինետին Զիտան շատ հաւանաբար գլխաւորէ Փարիզ Սեն Ժերմենը:
Կը նշուի, որ ֆրանսական ակումբին մէջ կարգ ու կանոնը քիչ մը խանգարուած է մարզիչ Ունայ Էմերիի ներկայութեան, եւ համակիրները դժգոհ են անկէ:


