«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Վիթալի Մութքօ յայտարարած է, որ 2018-ի մոնտիալին ընթացքին մարզադաշտերուն մէջ կը թոյլատրուի եւ ֆութպոլասէր հասարակութեան հասանելի կ՛ըլլայ գարեջուրի վաճառքը:
Այս լուրը հաստատեց նաեւ ՖԻՖԱ-ն:
2018-ի մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ 11 քաղաքներու 12 մարզադաշտերուն վրայ` 14 յունիսէն 15 յուլիս: