Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի տղոց պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուած քառորդ աւարտականի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, լիբանանեան երկու կազմեր` ՀՄԸՄ եւ Սաժես, ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: Անոնք տեղի կ՛ունենան այսօր, առաջինը երեկոյեան ժամը 17:00-ին (Սաժեսի մրցումը), իսկ երկրորդը` երեկոյեան ժամը 19:00-ին (ՀՄԸՄ – Սալա):

Երէկուան իր կատարած մրցումին, ՀՄԸՄ 91-68 արդիւնքով յաղթեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբին (21-17, 27-23, 25-16, 18-22):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սեմ Եանկ (23 կէտ, 6 ռիպաունտ), ապա` Ուոլթըր Հոճ (14 կէտ), մինչ Մաքրամ Պըն Ռամատան տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (12 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Հայկ Կէօքճեան նշանակեց 4 կէտ, 5 ռիպաունտ, 2 էսիսթ, 1 սթիլ, Սեւակ Քեթենճեան` 7 կէտ, Իսմայիլ Ահմետ` 11 կէտ, Քարիմ Զէյնուն` 9:
Այսօր տեղի ունենալիք կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), պիտի կատարուի բաւական տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Արաբական աշխարհի ախոյեան ՀՄԸՄ պիտի մրցի Ափրիկէի ախոյեան Սալայի դէմ (Մարոք), որ երէկ մրցաշարքէն դուրս ձգեց լիբանանեան երրորդ խումբը` Ռիատի Պէյրութը` անոր դէմ արձանագրելով 89-70 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Սալայէն Ուէյն Առնոլտ, նշանակեց 7 թրի փոյնթ (ընդամէնը` 21 կէտ), մինչ անոր խմբակից Սուֆիան Քուրտու` 23 կէտ:
Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ամեր Սէուտ (22):
Իսկ Պոլ Ըպաւ Օլի դէմ Սաժեսի արձանագրուած յաղթանակին (100-75), Թերել Սթոկլին նշանակեց 33 կէտ (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ):
Մրցաշարքը կ՛աւարտի վաղը` ուրբաթ, աւարտական մրցումով: