Լիբանանեան մարզական լրատուամիջոցներ եւ կայքեր հաղորդեցին, որ Քամիլ Շամունի անուան Մարզական աւանին մէջ, Լիբանանի ախոյեան Ահտ պիտի ճակատի իրաքեան Զաուրաա խումբին դէմ` Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 10 փետրուարին:
Նշուեցաւ նաեւ, որ վերոնշեալ վայրին մէջ 7 փետրուարին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Նըժմէ եւ Անսար` Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ: