Նախապէս աղջկանց թենիսի միջազգային առաջին դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ որոշեց մասնակցիլ ամերիկեան Ինտիըն Ուելզի մէջ կատարուելիք ««Պի. Էն. Փի.» – Փարիպաս Օփըն»-ի միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 5-18 մարտին, հաղորդեց մրցաշարքին պաշտօնական կայքը:
Ան 15 տարիէ ի վեր հանդէս չի գար այս մրցաշարքին, որովհետեւ 2001-ին հանդիսատեսները անոր հասցէին ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւններ ունեցած էին:
36 տարեկան Սերենա Ուիլիըմզ այժմ որոշած է մասնակցիլ այս մրցաշարքին` վերջ դնելով իր պոյքոթին:



