Հինգշաբթի, 1 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուին 2018-ի ձմեռնային 23-րդ ողիմպիական խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան անձնակազմին անունները: