Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Տուպայի 29-Րդ Միջազգային Մրցաշարք. Արաբական Աշխարհի Ախոյեան ՀՄԸՄ Յաղթեց Ափրիկէի Ախոյեան Սալային Եւ Այսօր Աւարտականին Կը Մրցի Նաժըմ Ռատեսէի Դէմ

January 26, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքը այսօր կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական ճակատումը` լիբանանեան կազմերէն ՀՄԸՄ-ի եւ թունուզեան Նաժըմ Ռատեսէի միջեւ:

Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Ժամը 15:00-ին տեղի պիտի ունենայ երրորդ դիրքի մրցումը` կիսաւարտականին պարտութիւն կրած լիբանանեան Սաժեսի եւ մարոքեան Սալայի միջեւ:

                                                                                                        Երէկուան մրցումէն

Երէկուան ճակատումին, Արաբական աշխարհի ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ, որ իր այդ տիտղոսին տիրացած էր յաղթելէ ետք Ափրիկէի ախոյեան Սալայի, դարձեալ իր զոհը դարձուց Սալան` այդ անգամ արձանագրելով 92-90 արդիւնքով յաղթանակ մը (24-26, 22-23, 23-24 եւ 23-17):

Երէկուան այս յաղթանակը թէեւ քիչ մը դժուար եղաւ ՀՄԸՄ-ի համար, բայց եւ այնպէս ՀՄԸՄ յաջողեցաւ երեք կազմերուն մէջ ըլլալ լիբանանեան միակ խումբը, որ կը հասնի աւարտականին:

Սալայի դէմ կատարուած այս մրցումին, բաւական մը ուշանալէ ետք եւ 13 կէտով ետ մնալէ ետք (68-55), ՀՄԸՄ-ի կազմը յաջողեցաւ կարեւոր քամպեք մը ընելով տանիլ վերջնական յաղթանակը:

Մրցումին եւ ՀՄԸՄ-ի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուոլթըր Հոճ` 29 կէտ, ներառեալ` 3 թրի փոյնթ: Նոյնքան թրի փոյնթ նշանակեց Էլի Շամուն: Սեմ Եանկ նշանակեց 17 կէտ, Մաքրամ Պըն Ռամատան` 20 կէտ, մինչ Իսմայիլ Ահմետ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (14 կէտ, 10 ռիպաունտ): Ան նաեւ կատարեց 8 էսիսթ:

Սալայէն 4 թրի փոյնթ նշանակեց Առնոլտ Ուէյն, մինչ Փաթրիք Ռեմպըրթ` 3, իսկ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Նաժահ Ապտելրահիմ (11 կէտ, 11 ռիպաունտ):

5-ական ֆաուլ կատարելով մրցումը չկրցան ամբողջացնել նոյնինքն Նաժահ եւ Քուրտու Սուֆիան:

Կը մնայ այսօր յաղթանակ մը եւս արձանագրել, որպէսզի կարելի ըլլայ բաժակով վերադառնալ Լիբանան:

 

Նախորդը

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ահտ – Զաուրաա Մրցումը` Քամիլ Շամունի Անուան Մարզական Աւանին Մէջ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (26 Յունուար 2018)

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.