Գերմանական մամուլը յայտնեց, «Պունտըսլիկա-2»-ի ծիրին մէջ կատարուած Քայզըրսլաութըրն – Տարմսթատ մրցումը (19-րդ հանգրուան) մնաց անաւարտ` նկատի ունենալով, որ Քայզըրսլաութըրնի մարզիչ Ճեֆ Սթրասեր (Լիւքսամպուրկ) սրտի կաթուած մը ունեցաւ:
43 տարեկան մրազիչը անմիջապէս տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց` ենթարկուելու համար յատուկ քննութիւններու: Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ անոր առողջական վիճակը լաւ է եւ անոր կեանքին որեւէ վտանգ չի սպառնար:
Սթրասերի գլխաւորած կազմը 12 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը:
Ան 2017-ին նշանակուեցաւ խումբի մարզիչ:



