Մարզական

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Եւ Յաջորդող Երեք Օրերուն Տեղի Ունենալիք Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի շարք մը մրցումներուն յայտագիրը: Այսօր եւ յաջորդող երեք օրերուն տեղի պիտի ունենան եօթը ճակատումներ` Ա. եւ Բ. խմբակներուն մէջ: ՀՄԸՄ-ի կազմը մրցում չունի կատարելիք: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը. Հինգշաբթի 8 փետրուար Ժամ Դաշտ Պիպլոս - Լուէյզի 20:30 Ժիպէյլ Շանվիլ - Ռիատի 20:30 Շանվիլ Ուրբաթ, 9 փետրուար    ...

Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութի Աղջիկները Մեկնեցան Ռուսիա

Երէկ կէսօրին Ռիատի Պէյրութի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը մեկնեցաւ Ռուսիա, ուր Մոսկուայի մէջ մրցում մը ունի կատարելիք անուանի Տինամօ Մոսկուայի դէմ` Արեւելեան Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ: Այսօրուան այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, իսկ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի օր, Մանարայի մէջ: Ռիատի, որ ցարդ արձանագրած է հինգ յաղթանակ եւ կրած երկու պարտութիւն,...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Ախոյեանութեան Գարնանային Մրցաշրջանը Կը Սկսի Նախատեսուածէն Առաջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան եւ բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուած են շարք մը փոփոխութիւններ: Գարնանային մրցաշարքը կը սկսի նախատեսուածէն առաջ, այսինքն` ոչ թէ մարտի սկիզբը, այլ` ձմրան վերջին օրը: 28 փետրուարին տեղի կ՛ունենան 2 մրցումներ, իսկ 1 մարտին` 2 այլ մրցումներ, 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Փոփոխութեան պատճառը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք բարեկամական երկու...

2018-ի Մոնտիալի Բաժակը` Հայաստանի Մէջ

ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյեանութեան բաժակը երէկ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գտնուեցաւ Հայաստանի մէջ: Այս բաժակը Հայաստան բերաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 1998-ի Մոնտիալին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Քրիսթիան Քարամպէօ: «Երբ այս բաժակը բարձրացուցի, Ֆրանսայի կազմին մէջ էին նաեւ երկու հայեր` Եուրի Ճորքայէֆն ու Ալեն Պօղոսեանը: Շատ հպարտ եմ, որ այս բաժակը կը ներկայացնեմ անոնց հայրենիքին մէջ», ըսաւ Քարամպէօ: Ախոյեանութեան այս...

«Էն.Պի.Էյ.». Օքլահոմայի Յաղթանակը Ուորիըրզի Դէմ… 20 Կէտի Տարբերութեամբ

«Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, 20 կէտի տարբերութեամբ` 125-105 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Փոլ Ճորճ նշանակեց 38 կէտ, Ուորիըրզին մաս կազմող Քեւին Տիւրընթ` 33 կէտ: Պրուքլինի մէջ, Հիսութըն Ռոքեթց յաղթեց դաշտին տիրոջ` Նեթցի, 123-113 արդիւնքով: Ճէյմս Հարտին (Ռոքեթց) նշանակեց 36 կէտ: Պարտութիւն կրեց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Բաւական Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Սաժեսի Դէմ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Բաւական Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Սաժեսի Դէմ

ՀՄԸՄ - Սաժես մրցումով երէկ գիշեր սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները, որոնք ձեւով մը շարունակութիւնն են Ա. հանգրուանին, այսինքն`` դասաւորման դրութիւնը կը շարունակուի եւ կէտերուն վրայ կ՛աւելնան յաւելեալ կէտեր: Այս մրցումին ներկայ էր Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արթուր Նազարեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, Սաժեսի նախագահ Սեմի Պըրպարի...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու.  Այնճար Ամիթի Հանդիսացաւ Երկրորդ

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Այնճար Ամիթի Հանդիսացաւ Երկրորդ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի թաու լուի մրցաշարքին, Այնճար Ամիթի յաջողեցաւ մրցանակային դիրք մը գրաւել, երբ 132 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երկրորդ` Անթունիէի ետին (175 կէտ): Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Սքուեր Ֆիթ Քլապ (131 կէտ): Այս ախոյեանութեան Այնճար Ամիթին ներկայացուցին Աննա Հերկելեան, Անի Գազանճեան, Ճէյսըն Ափիքեան, Միքայէլ Մարտիկեան, Ալեքս Քապաքեան, Հալա եւ Ժատ Աժամի, Ուաժիհ...

Ճատրակ. Հրակ Լախեան Եւ Ճիօ Գալուստ Արձանագրեցին Տպաւորիչ Արդիւնքներ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է, լիբանանեան պատուիրակութիւն մը նախորդ շաբաթ իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցած ճատրակի արաբական ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենար 22-րդ անգամ ըլլալով: Լիբանանեան պատուիրակութեան մէջ էին նաեւ լիբանանահայ երկու աշակերտներ Հրակ Լախեան եւ Ճիօ Գալուստ, որոնք յաջորդաբար կը յաճախեն Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան: Պէտք է նշել, որ անոնք...

Ֆութսալ. Ասիոյ Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանանի Ազգային Խումբը Յաղթեց Յորդանանին` 2-1 Արդիւնքով

Թայփէի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն իր կատարած երէկուան մրցումին, Լիբանանի ազգային խումբը այլ յաղթանակ մը եւս արձանագրելով գրաւեց Դ. խմբակին պարագլուխի դիրքը: Լիբանանի կազմը իր այս յաղթանակը արձանագրեց Յորդանանի դէմ` 2-1 արդիւնքով: Իր բերդին մէջ կոլ մը ստանալէ ետք, Լիբանան պատասխանեց երկու անգամ, շնորհիւ Ալի Հոմսիի (16-րդ) եւ Ալի Թանիշի (27-րդ) նշանակած կոլերուն: Քառորդ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Արդիւնքներու Վաւերացում, Տուգանքներու Սահմանում Եւ Կախակայումներ

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կախակայումներ Եւ Տուգանքներ

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով վեց խումբեր` Պընթ Ժպէյլ, Խըյուլ (Ա. խմբակ), Մաժըտ Թրիփոլի, Ահլի Սարպա (Բ. խմբակ), Նահտա Պար Էլիաս եւ Շապապ Պըրժ (Գ. խմբակ) իրենց պայքարը կը շարունակեն Բ. դասակարգի տոմս մը ապահովելու գծով: Պատժական տնօրինումներուն գծով, Նեպի Շիթի պատասխանատուներէն...

Ըմբշամարտ. Հայրենի Երիտասարդ Ըմբիշները Մոլտովայի Մէջ Տիրացան 4 Ոսկի Մետալի

Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականը, որ Մոլտովայի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքի մը, յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթներ ունենալով տիրանալ 4 ոսկի, 2 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալի: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աւետիք Վարդանեան յայտնեց, որ Հայաստանէն բացի այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Ուքրանիոյ, Գերմանիոյ, Պիելոռուսիոյ, Մոլտովայի, Ռուսիոյ, Մակեդոնիոյ եւ Ռումանիոյ 156...

Լիբանանի Սուսերամարտի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2017 Տարուան Մրցանակաբաշխութինւը

PROFOTO Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնը կատարեց 2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը: Անոր ներկայ գտնուեցան մարզական բնագաւառի մեծ թիւով պատասխանատուներ եւ հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն ծնողներն ու մարզական լրագրողներ: Ներկաներուն կարգին էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի տնօրէն Մոհամետ Աուայտաթ, որ կը ներկայացնէր նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Ունեցաւ Իր Ժամանակաւոր Մարզիչը

Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լուիճի Տի Պիաճիօ նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի ժամանակաւոր մարզիչ: Ան Իտալիոյ երիտասարդական խումբին մարզիչն է: Իտալիա իր 46 տարեկան ժամանակաւոր մարզիչին հետ պիտի փորձէ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել Արժանթինի եւ Անգլիոյ դէմ կատարուելիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն ընթացքին: Նախկին մարզիչ Ճիամփիեռօ Վենթուրայի պաշտօնազրկումէն ետք Իտալիա, որ չկրցաւ 2018-ի մոնտիալի տոմս...

Մարզիկներու Ձմեռնային Փոխանցումներուն Ընթացքին. «Փրեմիեր Լիկ»-ի Ակումբները «Սերի-Ա.»-ի Կազմերէն Տասը Անգամ Աւելի Ծախսած Են

Միջազգային մամուլը նախորդ շաբաթ անդրադարձաւ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումներուն` յայտնելով, որ «Սերի Ա.»-ի կազմերը ծախսած են (բոլորը միասին) 50 միլիոն եւրօ: Սակայն «Փրեմիեր լիկ»-ի խումբերը անոնցմէ տասը անգամ աւելի ծախսած են, այսինքն` շուրջ 492,5 միլիոն եւրօ, ինչ որ կը նկատուի բաւական հսկայական գումար մը: Իսկ սպանական «Լա լիկա»-ն «Սերի Ա.»-ին կը գերազանցէ շուրջ 5 անգամով` մարզիկներու փոխանցման համար ծախսելով 271 միլիոն...

Ռոնալտ Քէօման Պիտի Նշանակուի Հոլանտայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Անգլիական Սաութհեմփթընի եւ Էվըրթընի նախկին մարզիչ Ռոնալտ Քէօման պիտի գլխաւորէ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբը, նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց հոլանտական մամուլը: Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին համաձայն, բոլոր թեկնածուներուն մէջ յարմարագոյնն է 54 տարեկան Քէօման: 1 դեկտեմբեր 2017-էն ի վեր Հոլանտա կը մնայ առանց մարզիչի` նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնը որոշեց պաշտօնազրկել Տիք Ատվոքաթը, որ չկրցաւ 2018-ի մոնտիալի աւարտականներուն տոմս մը ապահովել հաւաքականին:  

Սիտորֆ Նշանակուեցաւ Տեփորթիւօ Քորունայի Մարզիչ

Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Քլարենս Սիտորֆ նշանակուեցաւ Տեփորթիւօ Քորունայի մարզիչ, յայտնեց սպանական ակումբին պաշտօնական կայքը: 41 տարեկան Սիտորֆ նախապէս եղած է Ա. Սէ. Միլանի մարզիչ, ինչպէս նաեւ պաշտօնավարած է Չինաստանի մէջ:

Ռէալ Մատրիտ Պիտի Բարձրացնէ Ռոնալտոյի Աշխատավարձը

Միջազգային շարք մը մարզական լրատու գործակալութիւններ նախորդ շաբաթ յայտարարեցին, որ ակումբի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի աշխատավարձը 21 միլիոն եւրոյէն 30 միլիոն եւրոյի պիտի բարձրանայ: Արքայական ակումբին հետ 32 տարեկան փորթուգալցիին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2021-ին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Սաժես

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանը կը սկսի այսօր` երեքշաբթի, 6 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ - Սաժես մրցումով, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Բ. հանգրուանի այս մրցումները որոշ չափով շարունակութիւնը պիտի ըլլան Ա. հանգրուանի աւարտած շրջանին, այսինքն` կէտերու դասաւորման դրութիւնը պիտի շարունակուի, եւ խումբերուն ապահոված կէտերուն վրայ պիտի աւելնան...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մարզիկները Արձանագրեցին Տպաւորիչ Արդիւնքներ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի Քինտա մարզարուեստի Լիբանանի բաժակի մրցումները` 6-11 տարեկան տարիքային դասաւորման մէջ: Բաժակի այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղը: 10-11 տարեկան դասակարգին մէջ, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները արձանագրեցին բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ: Լորի Պզտիկեան եւ Քլէա Արապաղեան տիրացան առաջնութեան, Մարք Շամլեան հանդիսացաւ երրորդ, մինչ Սարհատ...

Կռփամարտ. Միշա Ալոյեան Պաշտպանեց «Տապըլիու. Պի. Էյ.»-ի Ախոյեանի Տիտղոսը

Ռուս արհեստավարժ կռփամարտիկ Միշա Ալոյեան պաշտպանեց «Տապըլիու. Պի. Էյ.»-ի միջազգային ախոյեանութեան ախոյեանի տիտղոսը` երկրորդ թեթեւագոյն կարգին մէջ: Սոչիի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած մենամարտին ընթացքին, 29 տարեկան Ալոյեան իրաւարարներուն որոշումով յաղթեց 37 տարեկան Ալեքսանտր Էսփինոսային (Վենեզուելա)` 96-95, 96-94 եւ 94-96 արդիւնքով: Ալոյեան արհեստավարժ ռինկի վրայ ցարդ կատարած է չորս մենամարտ եւ տարած նոյնքան յաղթանակ:

Page 873 of 1278 1 … 872 873 874 … 1,278

Արխիւներ