Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի թաու լուի մրցաշարքին, Այնճար Ամիթի յաջողեցաւ մրցանակային դիրք մը գրաւել, երբ 132 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երկրորդ` Անթունիէի ետին (175 կէտ): Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Սքուեր Ֆիթ Քլապ (131 կէտ):
Այս ախոյեանութեան Այնճար Ամիթին ներկայացուցին Աննա Հերկելեան, Անի Գազանճեան, Ճէյսըն Ափիքեան, Միքայէլ Մարտիկեան, Ալեքս Քապաքեան, Հալա եւ Ժատ Աժամի, Ուաժիհ Հարաթի, Վարանդ Անտոնեան եւ Սերօ Գալեմքերեան, որոնք տիրացան 10 ոսկի, 10 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալի:
Անոնք իրենց մարզիչ ունեցան Սարին Փալուլեան եւ Սօսէ Գազանճեան:
Մասնակցող ակումբներն էին Անթունիէ, Պել Հորիզոն, Սանթրալ Ժունիէ, Սքուեր Ֆիթ Քլապ, Այնճար Ամիթի – ԱՊՊԱ, Լուէյզի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս:




