Ռուս արհեստավարժ կռփամարտիկ Միշա Ալոյեան պաշտպանեց «Տապըլիու. Պի. Էյ.»-ի միջազգային ախոյեանութեան ախոյեանի տիտղոսը` երկրորդ թեթեւագոյն կարգին մէջ:
Սոչիի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած մենամարտին ընթացքին, 29 տարեկան Ալոյեան իրաւարարներուն որոշումով յաղթեց 37 տարեկան Ալեքսանտր Էսփինոսային (Վենեզուելա)` 96-95, 96-94 եւ 94-96 արդիւնքով:
Ալոյեան արհեստավարժ ռինկի վրայ ցարդ կատարած է չորս մենամարտ եւ տարած նոյնքան յաղթանակ: