Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանը կը սկսի այսօր` երեքշաբթի, 6 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ – Սաժես մրցումով, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Բ. հանգրուանի այս մրցումները որոշ չափով շարունակութիւնը պիտի ըլլան Ա. հանգրուանի աւարտած շրջանին, այսինքն` կէտերու դասաւորման դրութիւնը պիտի շարունակուի, եւ խումբերուն ապահոված կէտերուն վրայ պիտի աւելնան յաւելեալ կէտեր:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: Անոնց համար տրամադրուած են յատուկ փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 18:30-ին, Պուրճ Համուտի հրապարակէն, ինչպէս նաեւ Ֆանարի եւ Ռաուտայի ակումբներէն պիտի մեկնին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր: