Թայփէի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն իր կատարած երէկուան մրցումին, Լիբանանի ազգային խումբը այլ յաղթանակ մը եւս արձանագրելով գրաւեց Դ. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Լիբանանի կազմը իր այս յաղթանակը արձանագրեց Յորդանանի դէմ` 2-1 արդիւնքով: Իր բերդին մէջ կոլ մը ստանալէ ետք, Լիբանան պատասխանեց երկու անգամ, շնորհիւ Ալի Հոմսիի (16-րդ) եւ Ալի Թանիշի (27-րդ) նշանակած կոլերուն:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Լիբանան վաղը` հինգշաբթի, 8 փետրուարին կը մրցի Իրաքի դէմ, որ գրաւեց Գ. խմբակին երկրորդ դիրքը:



