«Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, 20 կէտի տարբերութեամբ` 125-105 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Փոլ Ճորճ նշանակեց 38 կէտ, Ուորիըրզին մաս կազմող Քեւին Տիւրընթ` 33 կէտ:
Պրուքլինի մէջ, Հիսութըն Ռոքեթց յաղթեց դաշտին տիրոջ` Նեթցի, 123-113 արդիւնքով: Ճէյմս Հարտին (Ռոքեթց) նշանակեց 36 կէտ:
Պարտութիւն կրեց նաեւ Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ 116-98 արդիւնքով տեղի տուաւ Օրլանտօ Մեճիքի դիմաց: Լեպրոն Ճէյմս (Քաւալիրզ) նշանակեց 25 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Օրլանտօ Մեճիք – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 116-98 |
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պոսթըն Սելթիքս | 111-91 |
| Աթլանթա Հոքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 108-82 |
| Պրուքլին Նեթց – Հիուսթըն Ռոքեթց | 113-123 |
| Նիւ Եորք Նիքս – Միլուոքի Պաքս | 89-103 |
| Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 115-102 |
| Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Օքլահոմա Սիթի | 105-125 |
| Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 112-93 |
Ստորեւ` այսօրուան յայտագիրը.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Պրուքլին Նեթց
Մայեմի Հիթ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ
Նիւ Օրլինզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ



