2018-ի Ձմեռնային Ողիմպիական. Հարաւային Քորէայի Մէջ Ծածանեցաւ Հիւսիսային Քորէայի Դրօշակը…
Ինչպէս ծանօթ է, Փհենկ Չանկ 9-25 փետրուարին կը հիւրընկալէ 2018-ի ձմեռնային խաղերը: Հակառակ անոր որ Հիւսիսային Քորէա պատերազմի մէջ է Հարաւային Քորէայի հետ, սակայն նախորդ շաբաթավերջին հիւսիսային քորէացիներուն Հարաւային Քորէա ժամանումէն կարճ ատեն ետք, Ողիմպիական աւանին մէջ կախուեցաւ Հիւսիսային Քորէայի պետական հսկայական դրօշակը: Երկու երկիրները, որոնք իրարու հետ պատերազմի մէջ են, 1950-1953 թուականին քորէական պատերազմէն ետք հաստատուած զինադադարէն ետք ցարդ...







