Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի Քինտա մարզարուեստի Լիբանանի բաժակի մրցումները` 6-11 տարեկան տարիքային դասաւորման մէջ:
Բաժակի այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղը:
10-11 տարեկան դասակարգին մէջ, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները արձանագրեցին բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ: Լորի Պզտիկեան եւ Քլէա Արապաղեան տիրացան առաջնութեան, Մարք Շամլեան հանդիսացաւ երրորդ, մինչ Սարհատ Քիւչիւքեան գրաւեց չորրորդ դիրքը:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի մարզիկները եւ անոնց ծնողները, ինչպէս նաեւ մարզիչը: