Երէկ կէսօրին Ռիատի Պէյրութի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը մեկնեցաւ Ռուսիա, ուր Մոսկուայի մէջ մրցում մը ունի կատարելիք անուանի Տինամօ Մոսկուայի դէմ` Արեւելեան Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Այսօրուան այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, իսկ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի օր, Մանարայի մէջ:
Ռիատի, որ ցարդ արձանագրած է հինգ յաղթանակ եւ կրած երկու պարտութիւն, կը գրաւէ Ա. խմբակին երկրորդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Կուտ Ինկլիշ Քոզիչ (Սլովաքիա), որ ցարդ իր կատարած եօթը մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է:
Նոյնքան յաղթանակ արձանագրած եւ նոյնքան պարտութիւն կրած անոր մրցակիցը կը գրաւէ Բ. խմբակին 3-րդ դիրքը:
Ռիատիի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Նէյլա Ալամէտտին-Ժարուտի:



