Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լուիճի Տի Պիաճիօ նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի ժամանակաւոր մարզիչ: Ան Իտալիոյ երիտասարդական խումբին մարզիչն է:
Իտալիա իր 46 տարեկան ժամանակաւոր մարզիչին հետ պիտի փորձէ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել Արժանթինի եւ Անգլիոյ դէմ կատարուելիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն ընթացքին:
Նախկին մարզիչ Ճիամփիեռօ Վենթուրայի պաշտօնազրկումէն ետք Իտալիա, որ չկրցաւ 2018-ի մոնտիալի տոմս մը ապահովել, կը մնայ առանց մարզիչի:


