Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ սիքսի 5-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 3 ապրիլին, ՀՄԸՄ Պէյրութ հիւրը պիտի ըլլայ Ապնաա Շեքքայի:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ժամիհեթ Մանարի դաշտին վրայ (Թրիփոլի), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի կազմը ցարդ արձանագրած է, յաղթանակ մը, հաւասարութիւն մը եւ կրած երկու պարտութիւն (ֆայնըլ սիքսի մրցումներուն):


