Նախորդ շաբաթ Գերմանիայէն Լիբանան վերադարձաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջկանց պասքեթպոլի խումբին մաս կազմող Ճենիֆըր Նաամէ` Գերմանիոյ քիք-պոքսինկի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք:
Ան բաւական լաւ եւ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելէ ետք տիրացաւ երեք տարբեր տեսակի մետալներու:
Փոյնթ-ֆայթինկի մէջ ան տիրացաւ ոսկի մետալի, Քիք-լայթի մրցումներուն ձեռք ձգեց արծաթ մետալ մը, իսկ Լայթ-քոնթաքթի մէջ` պրոնզ մետալ մը: