
Նախորդ շաբաթավերջին Կոլֆ ակումբին մէջ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ 12 տարեկանէն վար թենիսի ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի եւ հսկողութեամբ Ասիոյ թենիսի ֆետերասիոնին:
Տղոց ազգային խումբը հասաւ աւարտականին, ուր սակայն պարտուեցաւ Իրանէն (2-1):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աւարտականին, պատահեցաւ ճիշդ հակառակը. Լիբանան յաղթեց Իրանին (2-1):
Այսպիսով, Լիբանանի եւ Իրանի զոյգ խումբերը ապահովեցին Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը: Վերջինիս աւարտական մրցումները պիտի կատարուին այս տարեվերջին, Ղազախստանի մէջ:
 
			

